Քրիստոնէութեան Արշալոյսը Հայաստանի Մէջ

Հեղինակ՝ Բաբգէն Կթղ. Կիւլէսէրեան (1868-1936)

Հայեր իրենց երկրին մէջ քրիստոնէութեան ծագման մասին պատմական սիրուն աւանդութիւններ ունին:
Առաջին.- Տե'ս Յովհաննէսի աւետարանին 12.20-23-ը: Այն հեթանոսները, որոնք Փիլիպպոս առաքեալի միջնորդութեամբ ուզեցին ներկայանալ Յիսուսի, ըստ հայկական աւանդութեան, հայեր էին, կամ՝ այդ հեթանոսներուն մէջ հայեր ալ կային:
Աբգար թագաւորի զրոյցին հետ ալ կապուած են Յովհաննէսի աւետարանին այդ համարները. եւ քանի Ոսրէյէնայի թագաւոր Աբգարները հարաւային Հայաստանի ալ թագաւոր կը համարուին, ուստի հաւանական է, որ հայեր ծանօթացած են Յիսուս Քրիստոսի հետ շատ կանուխէն, այսինքն՝ առաքեալներուն սփռուելէն առաջ: [...]

Տօներ (Ապրիլ եւ Մայիս)

Տօն Յիսուս Քրիստոսի յարութեան
(Կիրակի, 4 Ապրիլ 2021)

Մենք նաեւ «Զատիկ» կ'ըսենք: Ըստ Հրաչեայ Աճառեանի Արմատական Բառարանին, Զատիկ կը նշանակէ «զենում», «զոհ»: Տօնը ունի այլ անուն մըն ալ՝ «Պասէք», որ եբրայական է:
Քրիստոսի յարութիւնը իսկութիւնն է Եկեղեցւոյ հաւատքին: Պօղոս առաքեալ կ'ըսէ. «Եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ինքնախաբէութիւն է ձեր հաւատքը. ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք», Ա. Կորնթացիներ 15.17:
Զատիկին իրարու կը բարեւենք ըսելով. «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց». եւ պատասխանելով կ'ըսենք՝ «Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի»:

Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն
(Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021)

Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ժամանակ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած բնաջնջումն էր աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայերու:
20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնն էր անիկա: Դարը միշտ պիտի յիշուի իբրեւ ցեղասպանութիւններու դար:
Ժողովողի գիրքին մէջ գրուած է. «Աստուած պիտի դատէ արդարն ու ամբարիշտը, որովհետեւ ժամանակ կայ ամէն ինչի եւ ամէն արարքի համար», Ժղ 3.17:

Հոգեգալուստ/Պենտէկոստէ
(Կիրակի, 23 Մայիս 2021)

Հայ եկեղեցին այս տօնին համար կը գործածէ «Հոգեգալուստ» անունը, քան «Պենտէկոստէ»ն, որ «50-րդ» կը նշանակէ: բրայական աւանդութեան մէջ Պենտէկոստէն կը տօնուի Պասէքէն 50 օրեր ետք. ասկէ է ծագումը յունարէն անունին:
«Հոգեգալուստ» կը նշանակէ Ս. Հոգիին գալը: Դէպքը Ղուկաս աւետարանիչէ պատմուած է Առաքեալներուն Գործերը գիրքի 2-րդ գլուխին մէջ:
Յիսուս զայն խոստացաւ, ըսելով. «Ես ձեզի պիտի ղրկեմ Հօրս տուած խոստումը: Մնացէք Երուսաղէմի մէջ, մինչեւ երկինքէն զօրութիւն ստանաք», Ղկ 24.49:

Զրոյց՝ Կիրակնօրեայ Դպրոցի Տնօրէնին Հետ

Պրն. Թորոս Պապիկեան

Պրն. Թորոս Պապիկեան (ձախին)

Անցեալ տարեշրջանի կէսէն ասդին, քորոնա ժահռի կացութեան մէջ՝ ի՞նչ կ՚ընէ Կիրակնօրեան։

Ինչպէս գիտէք, 41 տարիներէ ի վեր Կիրակնօրեայի տարեկան ծրագիրը կը սկսի Խաչվերացի տօնին Կիրակի օրը, իսկ աւարտին կը հասնի՝ Մայիսի նախավերջին Կիրակի օրը, 33-34 դասընթացքներով։ Դժբախտաբար, անցեալ տարեշրջանին այդպէս չընթացաւ կարգը։ Գորոնայի պատճառով, վերջին անգամ ֆիզիքապէս Մարտի 8-ին ներկայ եղանք։ [...]

Կրօնական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը կը խնդրենք որ ամփոփ սահմանէք։

[...] Հոգին ալ պէտք է զարգանայ։ Ինչպէս մարմինը մարզանքով, իսկ միտքը՝ դպրոց երթալով կը զարգանայ, հոգին ալ զարգանալու միջոցը եւ եղանակը ունի։ Հոգիի դաստիարակութեան ընդհանուր նիւթը կրօնական դաստիարակութիւնն է, մեր պարագային՝ Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը։ Զարգացնելու համար հոգին, անշուշտ իւրաքանչիւր տարիքի անձ իր ընելիքները ունի։ [...]

Ի՞նչ կոչ կ՛ուղղէք նոր սերունդի ծնողներուն։

Մենք որպէս ծնողք պէտք է մտքի եւ ֆիզիքական դաստիարակութեան հետ միասին լուրջի առնենք հոգեւոր դաստիարակութիւնը։ Երբ մեր զաւակները կը մկրտենք, կնքահայրը կը կրկնէ, որ երեխան կ'ուզէ «Հաւատք, Յոյս, Սէր եւ Մկտութիւն»։ Ծնողքը գործնականպէս այս ամէն ինչը լրացնելու համար՝ պէտք է ամէն Կիրակի Եկեղեցի տանի իր զաւակը, եւ Կիրակնօրեայ արձանագրէ, որպէսզի զաւակը սկսի կրօնական դաստիարակութեամբ աճիլ, Աստուածաշունչը սկսի հասկնալ։ [...]

Հոգեւոր Կեանքի Մասին Հարցարան

Մեր խմբակը, նպատակ ունենալով տեղեկութիւն հաւաքել հայ երիտասարդի հոգեւոր կեանքին մասին, փակ հարցաքննութիւն մը կազմակերպեց 100 հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու հետ:

Կ՛աղօթե՞ս: Ըստ արդիւնքներուն, 53 տոկոսը մեր երիտասարդութեան կ՛աղօթէ, 43-ը՝ ոչ, իսկ 4 հոգի նախընտրած էին չպատասխանել:
Որքա՞ն յաճախ կ'աղօթես: Աղօթող խմբակին 51 տոկոսը ամենօրեայ վարժութիւն դարձուցած է աղօթքը: 28%-ը ըսած են, երբ պէտքը կը զգան կ՛աղօթեն, իսկ մնացածը կամ շաբաթը քանի մը անգամ կամ ամիսը անգամ մըն է, որ կ՛աղօթեն:

Նշենք, որ սոյն հարցաքննութիւնը ոչ մէկ նպատակ ունի մեղադրելու կամ քննադատելու: Պարզապէս տուեալներ կու տայ:

Շարականներ

Ս. Զատկուայ Շարական

Այսօր անմահ եւ երկնաւոր փեսան յարութիւն առաւ մեռելներէն. քեզի խնդալից աւետիս, ով երկրաւոր հարս՝ եկեղեցի. ցնծութեամբ օրհնաբանէ Աստուածդ, ով Սիոն:
Այսօր լոյսէն ծնեալ անճառելի Լոյսը լուասւորեց զաւակներդ, ով Երուսաղէմ. Լուսաւորուէ', որովհետեւ քոը լոյսդ՝ Քրիստոս յարութիւն առաւ. ցնծութեամբ օրհնաբանէ Աստուածդ, ով Սիոն:
Այսօր անգիտութեան խաւարը փարատեցաւ Երրեակ Լոյսով, եւ մեռելներէն յարութիւն առած Քրիստոս՝ գիտութեան լոյսը բերաւ քեզի. ցնծութեամբ օրհնաբանէ Աստուածդ, ով Սիոն:

Հոգեգալստեան Շարական

Հօրմէ առաքեալ Աղաւնին երկինքէն մեծաձայն հնչմամբ իջնելով, եւ՝ նման կայծակի լոյսին, անկէզ պահելով աշակերտները՝ հրազինեց, մինչ անոնք ժողովուած էին դեռ սուրբ վերնատան մէջ:
Աննիւթական է Աղաւնին, անքննելի, որ Աստուծոյ խորագոյն ծրագիրները գիտէ, եւ Հօրմէ ստանալով խորհուրդը Քրիստոսի միւսանգամ գալստեան՝ մեզի կը պատմէ: (Առաքեալները Ս. Երրորդութեան համագոյութիւնը քարոզեցին):
Օրհնութիւն երկնքին, Հօրմէ բխող Ս. Հոգիին, անոր անմահարար բաժակէն ըմպելով՝ հոգեւորապէս արբեցան առաքեալները, եւ երկիրը երկինք հրաւիրեցին: