Հեղինակ՝ Բաբգէն Կթղ. Կիւլէսէրեան (1868-1936)
Հայեր իրենց երկրին մէջ քրիստոնէութեան ծագման մասին պատմական սիրուն աւանդութիւններ ունին:
Առաջին.- Տե'ս Յովհաննէսի աւետարանին 12.20-23-ը: Այն հեթանոսները, որոնք Փիլիպպոս առաքեալի միջնորդութեամբ ուզեցին ներկայանալ Յիսուսի, ըստ հայկական աւանդութեան, հայեր էին, կամ՝ այդ հեթանոսներուն մէջ հայեր ալ կային:
Աբգար թագաւորի զրոյցին հետ ալ կապուած են Յովհաննէսի աւետարանին այդ համարները. եւ քանի Ոսրէյէնայի թագաւոր Աբգարները հարաւային Հայաստանի ալ թագաւոր կը համարուին, ուստի հաւանական է, որ հայեր ծանօթացած են Յիսուս Քրիստոսի հետ շատ կանուխէն, այսինքն՝ առաքեալներուն սփռուելէն առաջ:
Երկրորդ.- «Գործք Առաքելոց»ի 2.8-11 համարներէն Լատին եկեղեցւոյ հայրերէն Տէրտուղիանոսի համաձայն՝ «հրէաստանցիներ»ը պէտք է ըլլայ «հայաստանցիներ»: Եւ ասիկա այնքան ճշմարտանման կը դառնայ, երբ անդրադառնանք որ Հայաստանի մէջ, ինչպէս Միջին Արեւելքի բոլոր երկիրներուն մէջ հրէական գաղութներ կային, որոնք հետզհետէ ձուլուեցան բնիկներուն մէջ:
Հայոց Պատմութեան մէջ արդէն շատ ուշագրաւ երեւոյթ մըն Բագրատունի տոհմին հրէական ծագումը, ըստ Մովսէս Խորենացիի: (Բագրատունիները Հայաստանի վրայ թագաւորեցին 9-րդ դարու աւարտէն մինչեւ 11-րդ դարու կէսը):
Եթէ Փոքր Ասիոյ եւ Միջագետքի հրեայ գաղութներէն ուխտաւորներ եկած էին Երուսաղէմ, Պասէքի տօնին, ինչո՞ւ Հայաստանէն ալ հրեաներ, կամ նոյնիսկ հետաքրքիր հայեր «ելած» չըլլային Երուսաղէմ:
Երրորդ.- Առաքելական քարոզչութիւն: Քրիստոնէութեան առաջին դարէն հաստատուած եկեղեցիները, աւանդաբար իրենց հիմնադիր կը ճանչնան այս կամ այն առաքեալը, նոյնիսկ առաքեալները:
Հայեր իրենց եկեղեցւոյ հիմնադիր կը ճանչնան Փրկչի առաքեալներէն Թադէոսն ու Բարթողիմէոսը, եւ երկու ուրիշներ:
Թադէոս առաքեալ նոյնացուած է Աբգարի զրոյցին կարեւոր դէմքերէն Ադդէի հետ: Սակայն նորագոյն եւ խստագոյն քննադատութիւնը հակապատմական կը գտնէ թագաւորին զրոյցը: Ի հարկէ, պատմական քննադատութիւնը իր իրաւունքին մէջ է, որովհետեւ այդ քննադատութեամբ կը հերքուի ո'չ թէ աւանդութիւնը, այլ անոր տրուած պատմագրական արժէքը: Հայնրիխ Կելցեր ակնարկելով զրոյցին, կ'ըսէ. «Անկասկածելի է, որ հայերուն մէջ Թադէոս առաքեալի մասին զրոյցը աւելի հին է քան թէ այս գրաւոր աւանդութիւնը (Աբգար թագաւորի զրոյցը):
Ըստ Փաւստոս Բիւզանդի, որ իր պատմութեան գիրքը 4-րդ դարուն գրած է յունարէնով, Թադէոս առաքեալի Հայաստան գալը պատմական է:
Թադէոս առաքեալի, պատմական աւանդութեան չափ հին եւ ժողովրդական է Բարթողիմէոս առաքեալի քարոզչութիւնը հայերուն մէջ: Արտազի վանքը, ըստ աւանդութեան, Թադէոս առաքեալի գերեզմանին վրայ շինուած է, եւ «Աթոռ Թադէի» կը կոչուի: Իսկ Բարթողիմէոս առաքեալի աւանդութեան կապուած է Անձեւացեաց գաւառին մէջ Հոգեաց վանքին հաստատուիլը:
Կը թողունք խօսիլ այլ առաքեալներու Հայաստան այցելութեան զրոյցներուն վրայ, որոնք միջնադարեան հայ հեղինակներ գրած են:
Քրիստոսի Աւետարանը Հայաստանի մէջ քարոզուած է առաքելական ժամանակէն, երբ մեր Տէրը պատուիրեց. «Արդ, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք: Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօր, Որդիին եւ Ս. Հոգիին անունով: Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները, որ ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ այս աշխարհի վախճանը», Մտ 28.19-20: