ՆՊԱՏԱԿ
+ Հայեցի դաստիարակութիւն փոխանցել օտար դպրոցներ յաճախող հայ աշակերտներուն։
ՊԱՏՄԱԿԱՆ
+ Ս. Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ Վարժարանը Մոնթրէալի առաջին հայ կրթական հաստատութիւններէն մէկն է։
+ Հիմնուած է 1958-ին, 35 աշակերտներով, երբ եկեղեցին կը գտնուէր Սէն Զոթիկ փողոցին վրայ։
+ Այժմ դասաւանդութիւնները կը կատարուին Ս.Յակոբ ամէնօրեայ վարժարանի շէնքէն ներս։
ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ
+ Աշակերտութեան տարիքը 5-էն մինչեւ 17 տարեկան է, ծաղիկ դասարանէն մինչեւ 11-րդ կարգ։
+ Աշակերտութեան թիւը 100-էն վեր եղած է անցեալին, իսկ վերջին մի քանի տարիներուն՝ շուրջ 45։
+ Շաբաթօրեայ Վարժարանին մէջ կը պաշտօնավարեն 9 հոգիներ որոնց 6-ը ուսուցիչ -ուսուչուհի, համապատասխան աշակերտութեան թիւին, երաժշտութեան ուսուցիչ, տնօրէնը եւ քարտուղարուհի մը։
+ Կը դասաւանդուին հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն, կրօնք եւ հայ գրականութիւն. գիտելիքներ կը տրուին նաեւ հայ մշակոյթի, աւանդութեանց եւ տօներու մասին։
+ Երկրորդական բաժնի աշակերտներուն կը տրուի կառավարական արժեկէտ (credit)։
+ Շաբաթօրեայ վարժարանի շրջանաւարտներէն կարեւոր թիւ մը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Մոնթրէալահայ կազմակերպութիւններէ ներս։
ԵԿԱՄՈՒՏԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
+ Ս. Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւն,
+ Ծնողներու վճարումներ,
+ Նուիրատուութիւններ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել՝
Հեռաձայն՝ 514 332 5935
Հեռապատճէն՝ 514 331 8552
Ե-Նամակ՝ direction@ecoledusamedisourphagop.com