Ամուսնութիւնը խորհուրդ է, որովհետեւ այր ու կնոջ միաւորութիւնը կ՚օրհնուի եւ կը կնքուի Աստուծոյ անունով։ Աստուծոյ միացուցածը մարդ թող չզատէ, կը պատգամէ Յիսուս (Մտ 19.5-6)։
Պօղոս Առաքեալ այր ու կնոջ ամուսնական միաւորութիւնը կը նմանցնէ Քրիստոսի՝ իր Եկեղեցւոյն հետ միութեան։
Եւ իսկապէս մարդկային ցեղին մաքուր եւ առողջ աճումը եւ Քրիստոսի Եկեղեցւոյն բարգաւաճումն ու պայծառութիւնը կախեալ են օրինաւոր ամուսնութիւններու արդիւնքէն։ Եւ որովհետեւ Քրիստոս եւ իր Եկեղեցին նոյնացած են իբրեւ մէկ մարմին, հարկ է որ ամուսնացողներ, իբրեւ գործադրիչները աստուածային պատուէրին («Աճեցէ՛ք եւ բազմացարո՛ւք») կատարելապէս գիտակ եւ հաւատարիմ ըլլան իրենց միաւորութեան ուխտին եւ նպատակին։ Երկու էակներու միութիւնը խորհրդաւոր է ինքնին, եւ Եկեղեցին եօթը խորհուրդներէն մէկը ըրած է զայն՝ հիմնուելով աստուածային պատգամին եւ օրհնութեան վրայ։
Ամուսնութիւնը հիմնուած է ողջախոհութեան վրայ։ Անոր նպատակը որդեծնութիւն է։ Այր եւ կին, իբրեւ ճշմարիտ անդամները իրենց Եկեղեցւոյն, պէտք է ըլլան մաքրակենցաղ, որպէսզի իրենց միութիւնը բեղմնաւորուի եւ տուն՝ ընտանիք կազմուի, եւ Եկեղեցին զօրանայ նոր ուժերով։
Եւ որովհետեւ ողջախոհութեան վրայ հիմնուած է ամուսնութիւնը, պէտք է որ այր եւ կին զգուշանան բղջախոհութենէ եւ չապականեն իրենց ամուսնական միութեան սրբութիւնը պոռնկութեամբ եւ շնութեամբ։
Եփեսացիներուն ուղղուած իր նամակին մէջ (5.21-33), այր եւ կնոջ ամուսնական կեանքի պարտաւորութիւնները եւ անոնց իրարու հանդէպ բռնելիք դիրքը բացատրելու ատեն Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ.
«Քրիստոսի հանդէպ ձեր պատկառանքը արտայայտեցէք՝ իրարու հնազանդելով։
Կինե՛ր, հնազադեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, ինչպէս Տիրոջ պիտի հնազանդէիք. որովհետեւ ամուսին մը իր կնոջ գլուխն է, այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս գլուխն է եկեղեցիին, իր մարմինին, որուն Փրկիչն է ինք։ Հետեւաբար, ինչպէս եկեղեցին Քրիստոսի կը հնազանդի, այնպէս ալ կիները ամէն բանի մէջ իրենց ամուսիններուն թող հնազանդին։
Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները այնպէս՝ ինչպէս Քրիստոս սիրեց եկեղեցին եւ իր կեանքը տուաւ անոր համար, որպէսզի ջուրի լուացումով զայն մաքրէ եւ իր խօսքով սրբէ, այնպէս մը՝ որ եկեղեցին իրեն ներկայանայ ամբողջական փառքով, առանց որեւէ արատի կամ խորշոմի կամ ուրիշ թերութեան, այլ՝ ըլլայ սուրբ եւ անարատ։ Ճիշդ նոյն ձեւով, ամուսիններ պարտին իրենց կիները սիրել որպէս իրենց մարմինը. որովհետեւ իր կինը սիրողը իր սեփական մարմինը սիրած կ՚ըլլայ, եւ չկայ մէկը որ իր մարմինը անտեսէ. ամէն մարդ ալ կը սնուցանէ եւ կը խնամէ եկեղեցին՝ իր մարմինը, որուն անդամներն ենք բոլորս, անոր մարմինէն ու ոսկորներէն։ Սուրբ գիրքին մէջ գրուած է. “Ահա այս պատճառով այրը պիտի թողու հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան”։ Աստուծոյ ծրագրին կապուած կարեւոր ճշմարտութիւն մըն է ասիկա, որ ըստ իս՝ Քրիստոսի եւ եկեղեցիին կը վերաբերի։ Բայց նոյնը կը վերաբերի նաեւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, որովհետեւ իւրաքանչիւր այր պէտք է իր կինը սիրէ իր անձին պէս, եւ ամէն կին պէտք է յարգէ իր ամուսինը»։
Մեր Եկեղեցւոյ մէջ պսակ կատարելու իրաւունքը քահանային է։ Պսակուողները եկեղեցի կու գան։ Աստուծոյ եւ հարսնեւոր ժողովուրդին առջեւ քահանան կը հարցաքննէ զանոնք, թէ իրենց ազատ կամքո՞վ եկած են պսակուելու, եւ հաստատական պատասխան ընդունելէ յետոյ, անոնց աջ ձեռքերը, ինչպէս նաեւ ճակատները իրարու կը միացնէ, կը խրատէ, կ՚աղօթէ եւ կ՚օրհնէ անոնց միութիւնը։
Ինչպէս որ Քրիստոս չի զատուիր իր Եկեղեցիէն, այնպէս ալ պսակուած ամուսիններ չեն կրնար զատուիլ իրարմէ. ուրիշ խօսքով, ամուսնական միութիւնը անլուծելի է սկզբունքով։
Ըստ Աւետարանին, ամուսնալուծման միակ օրինական պատճառը շնութիւնն է։ Բայց Եկեղեցին, վաղ ժամանակներէ, նկատի առնելով ամուսնական կեանքի մէջ երեւան եկող կարգ մը լուրջ պատճառներ, որոնք արգելք կ՚ըլլան ամուսնական միութիւնը իրագործելու, կամ կը խանգարեն այդ միութիւնը, ընդունած է ամուսնալուծութիւնը՝ քննութիւններով ստուգելէ ետք միութիւնը աղաւաղող օրինական պատճառները։
Ամուսնութիւնը ունի կարգ մը պայմաններ. առողջ եւ անթերի մարմին, չափահասութիւն, կանոնական յարմարութիւն, ազգային եւ կրօնական նոյնութիւն, փոխադարձ յօժարութիւն եւ սէր։
Մարմնի առողջութիւնը անհրաժեշտ է ամուսնութեան բո՛ւն նպատակը՝ ընտանիքի կազմութիւնը կամ որդեծնութիւնը իրագործելու համար։
Կանոնական յարմարութիւն կը նշանակէ թէ ամուսնացողներ, իբրեւ պայման առողջ սերունդ մը յառաջ բերելու, ազգականութեամբ կամ արիւնով որքա՛ն հեռու ըլլան իրարմէ, ա՛յնքան յարգած կ՚ըլլան Եկեղեցւոյ կանոնները, որոնք հիմնուած են առողջապահական սկզբունքներու վրայ։ Հին կանոններով՝ մանչ մը եօթը պորտ կամ եօթը աստիճան հեռու պէտք է ըլլայ իր առնելիք աղջիկէն։ Կենցաղի նոր հարկադրութեանց ներքեւ հոգեւոր վերին իշխանութեան կողմէ թոյլատրուած է ազգականական աստիճանը իջեցնել մինչեւ հինգի։
Խնամիութեան եւ հոգեւոր ազգականութեան (սանահայրութեան կամ կնքահայրութեան) աստիճանները նոյնքան խիստ էին առաջ. բայց այժմ անոնք գրեթէ մէկդի դրուած են եւ ուշադրութիւն կ՚ընծայուի մասնաւորաբար ազգականութեան կամ արիւնի աստիճանին։
Մանչուն եւ աղջկան միեւնոյն ազգին եւ միեւնոյն կրօնքին պատկանիլը շատ կարեւոր է ընտանեկան կեանքի համերաշխութեան, անդորրութեան եւ երջանկութեան համար։
Իսկ ամուսնացողներուն փոխադարձ յօժարութիւնը եւ սէրը անհրաժեշտ պայման է ամուսնութեան բնախօսական եւ բարոյական պարտականութիւնները կատարելու համար։ Այս պայմանը յարգելով միայն կը խափանուին բռնի ամուսնութիւններ եւ ուրիշ անպատեհութիւններ։
Ողջախոհութեան եւ բարեպաշտութեան հիմերուն վրայ, մեր Եկեղեցին կանոն դրած է, որ պահք եւ տէրունի օրեր պսակ չօրհնուի, հարսնիք չըլլայ։ (Ընկերային կեանքի տարբեր դասաւորումները սակայն, մեր եկեղեցին մղած են վերատեսութեան ենթարկելու տէրունի օրեր պսակ չկատարելու կանոնը։ Այժմ այն օրերուն պսակ կ՚օրհնուի - Կայքէջ)։
Եթէ այր մը, քանի մը անգամ իր կինը կորսնցնէ, եկեղեցական կանոնը թոյլ կու տայ որ ան երեք անգամ պսակուի։ Աւելին հակառակ է ո՛չ միայն կանոնի, այլ նաեւ բարոյագիտութեան։
Պոռնկութիւն եւ շնութիւն, ըստ Աւետարանին, կը խախտեն ամուսնական միութիւնը եւ կ՚եղծեն խորհուրդը, հետեւաբար կը լուծուի ամուսնութիւնը։
*Այս բացատրութիւնը, խմբագրուած կայքէջին կողմէ, առնուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Բաբգէն Կիւլէսէրեանի “Քրիստոնէական” գրքի Դ. տպագրութենէն, 1971, Անթիլիաս։