ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ*

 

ԿԱՆՈՆ ԿԵՆԴԱՆԱՐԱՐ ՍՈՒՐԲ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ

 

ԿԱՆՈՆ ԴՐՈՇՄ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ

 

 

 

Մկրտութիւն բառը կը նշանակէ լուացում, մաքրութիւն։ Բայց կրօնական իմաստով՝ կը նշանակէ ա՛յն արարողութիւնը, որ ջուրով կը կատարուի սրբելու, մաքրելու համար մկրտուողին մեղքը, որ ըստ աստուածաբաններու կը կոչուի առաջին կամ սկզբնական մեղք։ Մկրտութիւնը կը կոչուի նաեւ վերստին ծնունդ, որովհետեւ մկրտուողը կը սրբուի, կը մաքրուի իր մեղքէն եւ նորէն ծնած կ՚ըլլայ Աւազանէն։ Այս նոր եւ հոգեւոր ծնունդը Քրիստոսի եկեղեցւոյ անդամ կ՚ընէ մկրտեալը։

 

Աստուածաշունչէն կ՚իմանանք թէ Ադամ չպահեց աստուածային պատուէրը իր դրախտային կեանքին մէջ. այս պատուիրանազանցութիւնը կամ անհնազանդութիւնը ըստ աստուածաբաններու կը կոչուի առաջին «սկզբնական» մեղք, որ ադամէն ժառանգաբար անցած է սերունդէ սերունդ բոլոր մարդոց։

 

Գրիգոր Տաթեւացին այսպէս կը սահմանէ այդ մեղքը. «Ադամին մեղքը ա՛յն է, որ կորսնցուց արդարութիւնը եւ մեղքով ու ցանկութեամբ ծնաւ իր որդին, ա՛յս է սկզբնական մեղք ըսուածը, որ չի քաւուիր եթէ չմկրտուի Քրիստոսի մահով»։

 

Քրիստոնեայ ըլլալու համար անհրաժեշտ պայման մըն է մկրտութիւնը։ Անոր կարեւորութիւնը հասկնալու համար պէտք է գիտնալ, որ նոյն ինքը մեր Տէրն ալ մկրտուեցաւ Յորդանան գետին մէջ, Յովհաննէս Մկրտչին ձեռքով (Մտ 3.13-17, Մկ 1.9-11, Ղկ 3.2-22, 4.1)։ Յետոյ, երբ իր առաքեալները ղրկեց քարոզութեան, պատուիրեց անոնց. գացէ՛ք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք։ Զանոնք մկրտեցէ՛ք՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով։

 

Յիսուս Քրիստոս կատարեալ մարդ էր, այսինքն մեղք չունէր. ուրիշ խօսքով, մեր Տէրը մարդկային բոլոր հանգամանքը ունէր բացի մեղքէն։ Բայց մկրտուեցաւ ցոյց տալու համար մեղաւոր մարդկութեան, թէ մկրտութիւնը անհրաժեշտ պայման մըն է վերստին կամ հոգեւոր ծննդեան համար։

 

Տիտոսի ուղղուած նամակի 3րդ գլխուն մէջ Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ. «... ժամանակին մենք ալ անմիտ էինք, Աստուծոյ անհնազանդ, եւ մոլորած։ Պէս-պէս ցանկութեանց եւ անառակ հաճոյքներու գերին դարձած՝ կ՚ապրէինք չարութեամբ ու նախանձով ատելի էինք ուրիշներուն եւ կ՚ատէինք իրար։ Բայց ապա Աստուած, մեր Փրկիչը, իր քաղցրութիւնն ու մարդասիրութիւնը յայտնեց եւ մեզ փրկեց...։ Մեզի նոր ծնունդ տուաւ մկրտութեամբ եւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ մեզի վերանորոգեց»։

 

Իսկ Յովհաննէսի Աւետարանին 3րդ գլխուն մէջ նկարագրուած է Փարիսեցի Նիկոդեմոսի գիշերային տեսակցութիւնը Յիսուս Քրիստոսի հետ, որ կ՚ըսէ թէ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ մտնելու համար մարդ պէտք է վերստին ծնի, այսինքն մկրտուի. որովհետեւ ո՛վ որ ջուրէն եւ հոգիէն չի ծնիր, չի կրնար մտնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը. որովհետեւ մարմինէն ծնածը մարմնին է, իսկ հոգիէն ծնածը՝ հոգի։ Եւ քամիի օրինակով կը բացատրէ հոգեւոր ծնունդին խորհուրդը. «Հովը ո՛ւր որ ուզէ՝ կը փչէ. դուն անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր թէ ուրկէ՛ կու գայ եւ ո՛ւր կ՛երթայ։ Նոյնպէս են բոլոր անոնք, որոնք Հոգիէն կը ծնին»։

 

Մկրտութեան պայմանը հաւատք է։ Մկրտուողը պէտք է հաւատայ Ամենասուրբ Երրորդութեան. որովհետեւ, ինչպէս որ վերեւ յիշեցինք, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Զանոնք մկրտեցէ՛ք՝ Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով»։ Դարձեալ. «Ով որ հաւատայ եւ մկրտուի՝ պիտի փրկուի, իսկ ով որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի»։ (Մկ 16.16)

 

Ուրեմն, մկրտուողը խելահաս մէկը պիտի ըլլայ որ գիտնայ թէ ինչ է հաւատք, ինչ է Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, որպէսզի գիտակցութեամբ մասնակցի մկրտութեան եւ փրկուի իր հաւատքով։

 

Ուրեմն ինչո՞ւ համար կը մկրտենք նորածին փոքրիկները, որոնք տակաւին բան չեն գիտեր։ Այն շատ պարզ եւ բնական պատճառով, որ ծնողքներ պարտաւո՛ր են հոգալ իրենց զաւակներուն մարմնաւոր եւ հոգեւոր պէտքերը միանգամայն։ Հայրեր եւ մայրեր կը հոգան իրենց զաւակներուն ապրուստն ու հագուստը, զանոնք դպրոց կը ղրկեն, իրենց մայրենի լեզուն կը սորվեցնեն, իրենց ազգային զգացումները կը մշակեն, եւ այլն, եւ շա՛տ բնական է որ իրենց զաւակները դաստիարակեն իրենց կրօնքով. այս է պատճառը որ մկրտել կու տան իրենց փոքրիկները, որոնք կը մեծնան իրենց ծնողաց ազգային եւ կրօնական կեանքի մէջ եւ անոնց հաւատքով։

 

Ուրիշ հարցում մը եւ տեղին. բայց աւելի բանաւոր չէ՞ որ փոքրիկները մեծնան, խելահաս ըլլան քիչ շատ եւ իրենց գիտակցութեամբ մկրտուին։ Ասիկա շատ փափուկ խնդիր մըն է։ Կրօնական ճշմարտութիւնները եւ խորհուրդները հասկնալու համար ո՞րն է խելահասութեան տարիքը։ Հայր մը եւ մայր մը կը սպասե՞ն որ իրենց փոքրիկը խելահաս դառնայ եւ որոշ տարիքի մը հասնի զինք դպրոց ուղարկելու համար կամ որոշելու համար իր ազգութիւնը։ Ասիկա անբնական է եւ հակառակ ողջմտութեան։ Ծնողքներ, շա՛տ բնական կերպով, իրենց կեանքին պայմաններուն համեմատ, ինչպէս նաեւ իրենց ազգութեան եւ իրենց կրօնքին մէջ կը մեծցնեն իրենց փոքրիկները։

 

Ուրեմն մկրտչականներ կը սխալին։ Յիսուս Քրիստոս երբ իր աշակերտներուն պատուիրեց երթալ մկրտել բոլոր հեթանոսները, տարիքի խտրութիւն չդրաւ։ Գործք Առաքելոցէն գիտենք, որ ամբողջ ընտանեօք մկրտուողներ կային, իրենց մեծ ու փոքր անդամներով։

 

Մկրտուիլը բաւական է քրիստոնեայ դառնալու համար, պայմանաւ որ մկրտուածներ աճին իրենց ուղղափառ հաւատքին եւ Շնորհքի մաքուր կեանքին մէջ։ Որովհետեւ մկրտուածներուն զօրաւոր հաւատքով եւ մաքուր կեանքո՛վ է որ Եկեղեցին կը պայծառանայ եւ Քրիստոնէութիւնը կը փառաւորուի, քանի որ մկրտութեան նպատակն է սրբացնել մարդիկը եւ որդեգիր ընել Աստուծոյ՝ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ անդամակցութեան։

 

Մկրտութիւնը մեր Եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի ջուրով եւ քահանայութեան աստիճան ունեցող պաշտօնեայի ձեռքով։ Մկրտուողը կու գայ կնքահօր մը հետ։ Մկրտիչ քահանան կը հարցաքննէ կնքահայրը եւ յետոյ կը բռնէ փոքրիկը եւ երեք անգամ կը թաղէ աւազանի ջուրին մէջ Ամենասուրբ Երրորդութեան անունով, ըսելով. «անուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ...»։

 

Երախայ բառը հոս կը նշանակէ չմկրտուած անձ։ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ հին դարերուն, մկրտութեան եկողներ մկրտութեան համար որոշուած ժամանակէն 40 օրեր առաջ կը պատրաստուէին սուրբ խորհուրդը ընդունելու, այսինքն կը հրահանգուէին քրիստոնէական գիտելիքներու մէջ եւ յետոյ կը մկրտուէին։ Քառասնօրեայ պատրաստութեան այս վիճակը կը կոչուի երախայութիւն։

 

Երբ մէկը քրիստոնեայ ծնած է, բայց իր մանկութեան չէ մկրտուած եւ չափահաս եղած է, այնպիսին կը կոչուի երախայ։ Նոյնպէս ուրիշ կրօնքներու պատկանող չափահասներ եւ փոքրիկներ, որոնք կ՚ուզեն քրիստոնեայ ըլլալ, կը պատրաստուին կամ կ՚երախայանան եւ յետոյ կը մկրտուին։

 

Ինչպէս որ մէկ է Յիսուս Քրիստոսի Եկեղեցին, թէեւ զանազան յարանուանութիւններէ կը բաղկանայ ան, այնպէս ալ մէկ է քրիստոնէական Մկրտութիւնը. այսինքն անձ մը միայն մէկ անգամ կը մկրտուի քրիստոնեայ ըլլալու համար. ուրիշ խօսքով, Մկրտութիւնը չկրկնուող խորհուրդ մըն է։ Առաքեալը կը յայտարարէ. «Մէկ է Տէրը, մէկ՝ հաւատքը եւ մէկ է մկրտութիւնը» (Եփ 4.5)։ «Չէ՞ք գիտեր, թէ մենք՝ որ Յիսուս Քրիստոսի միանալով մկրտուեցանք՝ մկրտութեամբ անոր մահուան հաղորդակից դարձանք» (Հմ 6.3)։ Բայց նախանձը, տգիտութիւնը երբեմն այն աստիճան կուրցուցին յարանուանական եկեղեցւոյ պաշտօնեաները որ, նախատանքի համար, մկրտուածները նորէն կը մկրտէին։ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ մկրտութեան աւազանին անշարժութիւնը, ըստ Օձնեցի Յովհաննէս կաթողիկոսին, նշանակն է մկրտութեան խորհուրդի հաստատութեան։

 

Մկրտուելով մարդիկ ո՛չ միայն կը սրբուին մեղքէ եւ որդեգիր կ՚ըլլան Աստուծոյ՝ շնորհքի կեանքին մէջ, այլ նաեւ կ՚եղբայրանան իրարու հետ իբրեւ Սուրբ Աւազանէն ծնածներ։ Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ մէջ մարդկային հաւասարութեան, եղբայրութեան եւ արդարութեան խորհուրդները կ՚իրագործուին մկրտութեան արդիւնքով. ասոր համար է որ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Անգամ մը որ Քրիստոսի միանալով մկրտուեցաք, այլեւս Քրիստոս է որ կ՚ապրի ձեր մէջ։ Ալ ո՛չ Հրեայի եւ հեթանոսի խտրութիւն կայ, ո՛չ ստրուկի եւ ազատ մարդու, ո՛չ ալ արուի եւ էգի, որովհետեւ Քրիստոսի միանալով՝ բոլորդ ալ մէկ եղաք» Գղ 3.27-28։

 

Որպէսզի մկրտուածներ կարող ըլլան զգալ եւ պահել Մկրտութեան շնորհքը, պէտք է արթուն ըլլան։ Խելահաս մկրտուածներ պէտք է կենդանի պահեն իրենց քրիստոնէական հաւատքը եւ գիտակցութեամբ ապրին եւ անհոգութեան կամ անտարբերութեան մէջ չթմրեցնեն իրենց միտքն ու հոգին։ Մկրտութեամբ սրբացած եւ փրկուած հոգիներ պէտք է որ միշտ կապուած մնան իրենց Փրկչին։

 

Փոքրիկը չափահասի կարողութիւնները չունի դեռ. ան բոլորովին կախեալ է իր ծնողքէն. հետեւաբար ծնողներու կամքը, գիտակցութիւնը, հաւատքը, անոնց պարկեշտ կեանքն ու կենցաղը օրինակ եւ առաջնորդ կ՚ըլլան փոքրիկներուն։ Ասոր համար ծնողներ բոլորովին պատասխանատու են իրենց փոքրիկներուն դաստիարակութեան եւ զարգացման անոնց կրօնական կեանքին մէջ։

 

Իսկ կնքահօր պարտքն ու պաշտօ՞նը։ Դժբախտաբար այժմ անուանական պաշտօն մը դարձած է կնքահայրութիւնը։ Հին ըմբռնումով, կնքահա՛յրն է մկրտուածին դաստիարակը։ Ծնողքի մը չափ եւ անկէ աւելի սերտ էր կնքահօր իրաւունքը իր հոգեւոր սանին վրայ, եւ ա՛յս էր պատճառը որն անոնք հոգեւոր ազգականներ կ՚ըլլային եւ խնամութիւն չէին կրնար ընել իրարու հետ, բայց եթէ կանոնագրուած որոշ աստիճաններու մէջ։

 

Ոեւէ պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին մէկու մը ներկայացումը կ՚ըլլայ ուրիշի մը կողմէն, այսինքն տան անդամներէն մէկը, կամ բարեկամ մը, կամ ազգական մը կը ներկայացնէ ընծայեալը, այսպէս ալ մկրտութեան եկող մը կը ներկայացուի Եկեղեցւոյն կամ կ՚ընծայուի մէկու մը կողմէն, բաւ է որ ինքն ալ մկրտուած ըլլայ։ Այս անձն է կնքահայրը։

 

Գալով փոքրիկներու կրթութեան եւ կրօնական դաստիարակութեան, այդ պաշտօնը ծնողներ եւ մա՛նաւանդ դպրոցներ կը կատարեն հիմա, քանի որ ժողովրդական կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը ընդհանրացած է ազգային եւ պետական հսկողութեան ներքեւ։

 

Թէեւ մեր հայ դպրոցները այժմ կը կատարեն կրօնական դաստիարակիչի իրենց պաշտօնը, բայց դժբախտաբար, ո՛չ պէտք եղած չափով. որովհետեւ դպրոցներու ուսումնական ծրագիրները խճողուած են այլազան կարեւոր նիւթերով, այսպիսով կրօնքի դասաւանդութիւնը ձգելով երկրորդական մակարդակի։

 

Կրօնքի այս դասերուն պակասը կը լեցնենք Կիրակնօրեայ դպրոցներով։ Ասիկա քրիստոնէական համաշխարհային խնդիր մըն է եւ՝ ոչ թէ միայն մեր ազգին յատուկ։

 

Շաբթուան մէջ օր մը, օրինակի համար Կիրակի օր, երբ փոքրիկներ ազատ են դպրոցէն, քանի մը ժամ զբաղիլ փոքրիկներու կրօնական դաստիարակութեամբ, մեծապէս կը նպաստէ ապահովելու համար անոնց հոգեւոր զարգացումը եւ կրօնական առողջ աճումը։ Տակաւին, առ հասարակ բոլոր մկրտուածներուն կրօնական դաստիարակութեան զարկ տալու համար կան Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութիւնները եւ անոնցմէ անբաժան՝ Աստուծոյ կենդանի խօսքը եւ քարոզները։

 

Բարեկարգ եւ պայծառ եկեղեցւոյ մը աստուածային պաշտամունքը միշտ ազդեցիկ նպաստ մըն է հոգեւոր արթուն կեանքի։ Մկրտուածներ պէտք չէ որ թմրին, պէտք չէ քնանան կեանքի հոգեւոր պահանջներուն վրայ։ Որովհետեւ մկրտութեան նպատակն է ո՛չ թէ մաքրել մարմնի աղտը, այլ արթուն պահել մարդու խղճմտանքին վկայութիւնը (Ա Պր 3.21)։

 

Յիսուս Քրիստոս՝ մեր փրկիչը ըսաւ. «Ձգեցէ՛ք որ մանուկները ինծի գան, արգելք մի՛ ըլլաք անոնց, որովհետեւ այդպիսիներուն է երկինքի արքայութիւնը» (Մտ 19.14, Մկ 10.14, Ղկ 18.16)։ Մեր Մայրենի Եկեղեցւոյն պարտքն է փոքրիկները բերել մօտեցնել Քրիստոսի զանոնք դաստիարակելով հոգեւորապէս, համաձայն մեր հայեցի աւանդութիւններուն։ Մեր հայ Կիրակնօրեայ դպրոցները հաստատուած են հայ եկեղեցիներու կողքին՝ ծնողներու եւ կնքահայրերու դաստիարակիչի պարտքն ու պաշտօնը կատարելու համար։

 

Դրոշմը անբաժան մասն է մկրտութեան։ Դրոշմ կը նշանակէ կնիք, եւ այս պատճառով է որ մկրտութիւնը կը կոչուի նաեւ կնունք. որովհետեւ երախան ջուրով մկրտուելէ ետք, միւռոնով կամ սուրբ իւղով ալ կը դրոշմուի՝ կը կնքուի կամ կ՚օծուի։

 

Դրոշմը խորհուրդ է որովհետեւ Սուրբ Հոգիին շնորհքը կը խորհրդաւորէ։ Մեր Փրկչին մկրտութեան ատեն ալ յայտնուեցաւ Սուրբ Հոգին եւ աղաւնակերպ իջաւ անոր վրայ։ Սրբալոյս միւռոնը կը խորհրդաւորէ Սուրբ Հոգւոյն էջքը մկրտուածներուն վրայ, որոնք կը դրոշմուին այդ հաւատքով եւ խորհուրդով։

 

Դարձեալ. աստուածային ճշմարտութիւնները սորվելու եւ պահելու համար երաշխիք մըն է օծումը։ Հոգիով արթուն քրիստոնեան ամենեւին չի մոլորիր ճշմարիտ հաւատքի կեանքին մէջ, որովհետեւ օծումով խորհրդաւորուած Ս. Հոգւոյն Շնորհքը, որով կնքուեցաւ մկրտութեան ատեն, անբաժա՛ն է իրմէ (Ա Յհ 2.26, հմմտ. Եփ 1.13, 4.30)։

 

Սուրբ Հոգին նաեւ յայտնուած է կրակի ձեւով. զոր օրինակ, Հոգեգալուստի պատմութեան մէջ կը կարդանք, թէ հուր լեզուներու ձեւով կը յայտնուի. որովհետեւ հուրը խորհրդանշանն է մաքրութեան. ինչպէս որ ամէն նեխութիւն եւ փտութիւն կը ջնջուի կրակով, այնպէս ալ Սուրբ Հոգին Շնորհքի մէջ կը պահէ մկրտուածները եւ կը պաշտպանէ հոգեւոր նեխութեան եւ փտութեան դէմ։

 

Որովհետեւ մկրտութիւն եւ դրոշմ անհրաժեշտ պայմաններ են մեղքերէ սրբուելու եւ Աստուծոյ որդեգիր ըլլալու համար, հարկ է որ հայ ծնողներ, յարգելով իրենց Մայրենի Եկեղեցւոյն հնաւանդ սովորութիւնները, փոքրիկները մկրտել եւ կնքել տան, անոնց ծնելէն ութ օր ետքը, եթէ բժշկական արգելիչ պատճառ մը չկայ։

 

Փոքրիկները անկնունք թողուլ, ամիսներով եւ նոյն իսկ տարիներով, ներելի չէ ամենեւին. եւ այն ծնողները, որ առանց բանաւոր պատճառի անհոգ ու անտարբեր կը կենան եւ ժամանակին մկրտել չեն տար իրենց փոքրիկները, ծանրապէս պատասխանատու են Աստուծոյ, ինչպէս նաեւ հոգեւորապէս անխնամ ձգուած իրենց զաւակներուն առջեւ։

 

Միւռոն յունարէն բառ մըն է որ կը նշանակէ իւղ անոյշ, բայց հոս մասնաւորապէս կը նշանակէ ա՛յն իւղը, որ կը գործածուի եկեղեցւոյ մէջ՝ դրոշմելու համար մկրտուածները եւ օծելու համար քահանաները, եկեղեցիները եւ եկեղեցւոյ վերաբերեալ կարգ մը նուիրական առարկաները։

 

Միւռոնի բուն նիւթը ձիթենիի իւղն է, բուն ձէթը. բայց ատոր մէջ կը խառնեն նաեւ 40-է աւելի անուշահոտ նիւթեր (ծաղիներ, արմատներ), որոնց մէջ ամենէն գլխաւորն է բալասանը։ Բալասան թէ՛ ծառի անունն է, թէ՛ անոր ծաղկին եւ թէ՛ իւղին։ Միւռոնի ծառ ալ կոչուած է բալասանը, որուն իւղը երբ խառնուի ձէթին հետ, կը մակարդուի։

 

Միւռոն պատրաստելու եւ օրհնելու իրաւունքը այժմ Կաթողիկոսին վերապահուած է մեր Եկեղեցւոյ մէջ։

 

*Այս բացատրութիւնը, խմբագրուած կայքէջին կողմէ՝ առնուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Բաբգէն Կիւլէսէրեանի “Քրիստոնէական” գրքի Դ. տպագրութենէն, 1971, Անթիլիաս։