Աշխարհել կը նշանակէ հեծել, հեծեծել, այսինքն զղջումով լալ եղած սխալի մը, յանցանքի մը, վնասի մը վրայ։ Ապա+աշխարհել կը նշանակէ հեծեծել, զղջալ, լալ կատարուած մեղքի մը համար։
Մարդ արարածը մեղանչական է։ Թէեւ ան մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդներով կը սրբուի իր մեղքերէն եւ որդեգիր կ՚ըլլայ Աստուծոյ, բայց շատ անգամ կը մեղանչէ իր աստուածային որդեգրութեան պայմաններուն, եւ երբ կ՚անդրադառնայ իր մեղքերուն վրայ, կը զղջայ եւ կու լայ, այսինքն կ՚աշխարէ ու կ՚ապաշխարէ, որուն հետեւանքով կը սրբուի եւ կը վերահաստատուի իր որդեգրութիւնը։ Մարդու հոգեկան կեանքին մէջ կատարուած այս փոփոխութիւնը խորհուրդ է։
Կրնաք հետեւցնել թէ ուրեմն ապաշխարութիւնը կը քաջալերէ մեղքը, բայց այդ ճիշդ չէ։ Քրիստոնէական կրօնի սկզբունքն է աստուածային շնորհն ու օծութիւնը կենդանի պահել մտքի եւ հոգիի մէջ։ Եւ եթէ քրիստոնեայ մարդը, հակառակ իր անկեղծ ջանքերուն, ոեւէ կերպով մեղանչէ եւ զգայ թէ մեղքով արատաւորած է իր քրիստոնէական նկարագիրը, եւ ասիկա խոստովանի իր խղճմտանքին եւ Աստուծոյ առջեւ զղջայ, այսինքն ապաշխարէ, այն ատեն կրնայ թողութիւն ստանալ։ Իսկ եթէ գիտակցութեամբ եւ դիտումով կը մեղանչէ, այնպէս կարծելով թէ ապաշխարութեան ձեւակերպութիւններով կը սրբուի, չարաշահութիւն ըրած կ՚ըլլայ իր հոգեւոր կեանքին մէջ, եւ չարաշահութիւնը ինքնին մեղք է։
Աստուած չ՚ուզեր մեղաւորին մահը։ Անսահման եւ անբաւ է անոր գթութիւնը։ Բայց ասիկա պատճառ մը չէ որ քրիստոնեայ մարդը չարաչար սխալ հասկնայ աստուածային գթութեան նշանակութիւնը։ Ընդհակառակը՝ քրիստոնեայ մարդուն պարտքն է արթուն եւ պատրաստ գտնուիլ ամէն պատահականութեան կամ փորձութեան առջեւ՝ մեղքի հրապոյրներէն չտարուելու համար։
Հետեւաբար մեղանչողը պէտք է որ,
ա.- Սրտանց զղջայ իր ըրած մեղքերուն վրայ եւ վճռէ գիտակցաբար չմեղանչել։
բ.- Ջերմեռանդութեամբ եւ երկիւղածութեամբ աղօթէ եւ խոստովանի Աստուծոյ առջեւ եւ թողութիւն խնդրէ. որովհետեւ Աստուծոյ համբերութիւնն ու քաղցրութիւնը առիթ կ՚ընծայեն որ մեղաւորը ապաշխարէ եւ արդարանայ (Հմ 2.4)։
գ.- Պէտք է միշտ յիշել որ ինք Քրիստոսի արիւնով փրկուած է եւ ինք պարտաւոր է հետեւիլ անոր անմեղ կեանքին։
Աղօթքը ամենէն գործնական միջոցն է չմեղանչելու։ Ճշմարիտ աղօթողին համար դժուար է գիտակցաբար մեղք գործել։
Երբ Քրիստոնեայ մը կը ճանչնայ իր ըրած սխալը եւ կ՚ընդունի զայն յայտարարելով իր խղճմտանքին, իր Աստուծոյն եւ իր Եկեղեցւոյն առջեւ ան խոստովանած կ՚ըլլայ իր մեղքը։ Այս քայլին անմիջապէս կը հետեւի ապաշխարութիւնը։
Ուրեմն խոստովանութիւնը նախ եւ առաջ մադու խղճմտանքին մէջ կը կատարուի։ Այսպիսով, խոստովանութիւնը հիմը կ՚ըլլայ ապաշխարութեան. այլ խօսքով, կարելի չէ ապաշխարել առանց խոստովանելու։
Մեր եկեղեցին ունի Քրիստոնէական վաղեմի Եկեղեցւոյ կանոնները, այսինքն պահք, աղօթք, հրապարակային խոստովանութիւն, զղջում, առաքինական եւ մարդասիրական գործեր ու պարտականութիւններ, եւ այլն...։
Ապաշխարութեան օրերուն մեր Եկեղեցւոյ մէջ աստուածային պաշտամունքին սաղմոսներն ու աղօթքները, շարականներն ու ընթերցուածները, հրապարակային խոստովանութեան ձեւերն ու կերպերը ա՛յնպիսի յօրինուածք եւ կարգաւորութիւն մը ունին, որ դժուար է չազդուիլ անոնցմէ եւ չապաշխարել։
Այս արտաքին միջոցներն ու արարողութիւնները կ՚օգնեն ապաշխարութեան խորհուրդի իրագործման։ Եկեղեցին իր անդամներով ամբողջական միութիւն մը կը կազմէ։ Անոր անդամները ո՛չ միայն այլեւայլ յարաբերութիւններով ու կապերով միացած են, այլ նաեւ սուրբ աւազանին մկրտութեամբ եղբայրացած են. այնպէս որ անոնցմէ մէկուն առաւելութիւնը կամ թերութիւնը կ՚ազդէ ամբողջ Եկեղեցւոյ վրայ։ Ասոր համար հրապարակային խոստովանութիւններ, իբրեւ պայման Եկեղեցւոյ շինութեան, ուղղակի կը բխին ժողովուրդէն, որ նոյն ինքն Եկեղեցին է։
Կան մարդիկ որոնք կ՚ըսեն թէ խոստովանութիւնը աւելորդ է Եկեղեցւոյ մէջ, մանաւանդ տգէտ եւ անարժան քահանաներու առջեւ։ Այս կարծիքը բոլորովին անհիմն է, որովհետեւ երբ մարդիկ իրենց անմեղութիւնն ու իրաւունքները պաշտպանելու համար դատական ատեաններ կը ներկայանան, չեն նայիր դատաւորներու մեղաւոր կամ առաքինի ըլլալուն։ Այսպէս ալ անոնք, որոնք կը կարծեն թէ իրենք արդար են եւ ուրիշներ մեղաւոր, իրենք արժանաւոր եւ այլք՝ անարժան, պէտք է յիշեն Աւետարանէն Փարիսեցիին եւ Մաքսաւորին առակը (Ղկ 18.9-14)։ Երանի՜ ամէն հոգեւորական սուրբ մը ըլլար։ Հարցը հոս հոգեւորականին արժանիքը չէ՛, որքան նոյն ինքն քրիստոնեային պարտականութիւնը. անձ մը ուրիշները քննադատելէ առաջ, պէտք է ինքզինք դատէ, կշռէ։ Զիրար դատելու մասին պէտք է ուշադրութիւն ընել առաքելական դիտողութիւններու (Հռ. 14)։ Աւետարանին մէջ շատ պարզ կերպով լուծուած է այս խնդիրը. մեր Փրկիչը կ՚ըսէ. «Մովսէսի աթոռը նստան Օրէնքի ուսուցիչներն ու Փարիսեցիները։ Իրենց ըսածներուն հնազանդեցէք եւ կատարեցէք զանոնք. սակայն մի՛ ընէք ինչ որ իրենք կ՛ընեն...» (Մտ 23. 2-3)։
Եթէ մէկը ինքզինք իր հոգեւոր հովիւէն աւելի սուրբ եւ անկէ աւելի արժանաւոր կը կարծէ, իր այդ կարծեցեալ սրբութեամբ եւ արժանիքով կրնայ խոնարհիլ անոր առջեւ, որ միայն իբրեւ հոգեւորական պաշտօն ունի լսել հաւատացեալներուն խոստովանութիւնը, Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ անունով։
Որպէս աշխարհական թէ հոգեւորական, բոլորիս ալ պարտքն է աշխատիլ, որ մաքուր ըլլանք մեր խղճմտանքին եւ Աստուծոյ առջեւ, եւ սիրով եւ լայնախոհ ոգիով յարգենք մեր Ս. Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնը, գործնականապէս աշխատինք անոր բարեկարգութեան եւ պայծառութեան, եւ ո՛չ թէ գլուխ բռնելով եւ անձնական կարիքներու հետեւելով։
Դժբախտաբար ո՛չ միայն ոմանք չեն գիտեր խոստովանութեան եւ ապաշխարութեան նշանակութիւնը եւ չեն զգար անոնց պէտքը իրենց կեանքին մէջ, այլ նաեւ կա՛ն այնպիսիներ ալ, որ ձեւական, հետեւաբար աւելորդ բաներ կը նկատեն զանոնք։
*Այս բացատրութիւնը, խմբագրուած կայքէջին կողմէ, առնուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Բաբգէն Կիւլէսէրեանի “Քրիստոնէական” գրքի Դ. տպագրութենէն, 1971, Անթիլիաս։