Ս. ՅԱԿՈԲ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑ

Կիրակնօրեայ դպրոցը բաց է ամէն տարի՝ Սեպտեմբերէն Յունիս, Կիրակի օրերը ժամը 10.30-13.10։ Դասաւանդութիւնները տեղի կ՚ունենան ամենօրեայի շէնքին մէջ։ Ծնողները կրնան իրենց զաւակները Կիրակնօրեայ ձգել եւ եկեղեցւոյս մէջ Ս. Պատարագի կամ Աստուածաշունչի սերտողութեան մասնակցիլ։


3-16 տարեկան փոքրերու եւ պատանիներու համար Կիրակնօրեայ դպրոցի յայտագիրը կ՚ընթանայ Հայց. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոցներու դասաւանդման հիմնական եղանակին համաձայն՝ լսարանային եւ դասարանային բաժանումներով։ Կը դասաւանդուին Ս. գրային, ծիսական, բարոյագիտական եւ գործնական ծանօթութիւններ, գիտելիքներ եւ աղօթքներ, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն կը փոխանցուի մեր դարաւոր հայրերու ոգին ու շունչը։


Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի գրել eglise@sourphagop.net-ին,

կամ հեռաձայնել 514 331 5445 x202

կամ այցելել հետեւեալ համացանցային կայքէջը. sourphagop.org