ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲԻ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎ

ՊԱՏՄԱԿԱՆ

 

1975- Լիբանանի քաղաքացիական պատերազն ու տնտեսական տագնապը պատճառ դարձան որ մեծ թիւով Լիբանանցիներ հայ թէ արաբ, պարտաւորուին գաղթել դէպի Ամերիկա կամ Գանատա։

 

Ողբացեալ Ալիս քոյր Գիւփէեան որ Լիբանանի մէջ աղօթաժողովներ կը վարէր, ինքն ալ իր կարգին ընտանիքով գաղթեր էր Գանատա։

 

Ալիս քոյր Գիւփէեան Աստուծոյ սիրով լեցուած, հայ ընտանիքներու դռները թակելով, կը հրաւիրէ զիրենք խմբուելու իր տան մէջ աղօթելու եւ Աստուծոյ խօսքը լսելու։

 

Գաղթականութեան եւ օտարութեան կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու, ոյժ եւ կարողութիւն ունենալու, միակ զօրութիւնը եւ յոյսը, աղօթքով առ Աստուած հաւատքը պահելն է. այս տեսլականով աղօթաժողովը մեծ թափ կը ստանայ։ Հաւատացեալներու ներկայութիւնը օրէ օր կ՚աճի, աղօթաժողովը կը տեղափոխուի թաղէ թաղ՝ բնակարանէ բնակարան ու այս տեղափոխութեան դժուարութիւններուն մեծ հարցին դիմաց, Ալիս քոյր կ՚որոշէ դիմել Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ այդ օրուան Հովիւին՝ Տէր Արմէն Քհնյ. Իշխանեանին եւ ներկայացնել իր առաջարկը որ հայ հաւատացեալ տիկինները խմբուին ու աղօթեն ամէն Հինգշաբթի օր սուրբ եկեղեցւոյ յարկին տակ։ Առաջարկը սիրով կ՚ընդունուի ու կը գործադրուի։

 

1979-ին կը հիմնուի Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Քոյրերու Ժողովը իր գործունէութեամբ եւ զանազան ճիւղաւորումներով։ Ամէն Երեքշաբթի օրերը ժամը 10-ին տեղի կ՚ունենայ երիտասարդուհիներու Սուրբ Գրքի սերտողութեան պահը։ Ամէն Հինգշաբթի ժամը 11-ին ընդհանուր աղօթաժողով կը կատարուի, եւ ամէն Ուրբաթ երեկոյ զոյգերու հաղորդակցական ժողով։ Ալիս քոյրը հաւատքով կը սկսի նուիրական այս գործին, ոչ մէկ ջանք եւ ճիգ կը խնայէ, նեղութիւններու կը համբերէ որպէս բարի, իմաստուն, արթուն տնտես եւ կը շարունակէ նուիրական իր գործը միչեւ վերջին իր շունջը՝ 3 Մայիս 2003։

 

1979-էն ի վեր կը շարունակուի այս նուիրական, սուրբ, բարի գործը։

 

Մշակներ եկան ու գացին, կու գան ու կ՚երթան։ Ու միշտ ալ մշակը անձնուրաց, քաջ եւ սիրայօժար յանձն կ՚առնէ հունձքին համար գործելու նուիրական առաքելութիւնը ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն մեր Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։

 

ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

 

Ս. Յակոբ Քոյրերու ժողովին աւանդութիւնը դարձած է ամէն Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 11.00-12.30 աղօթքի եւ խորհրդածութեան համար ժողովումը։ Այս աղօթաժողովը կու գայ յաւելեալ հոգեւոր սնունդ մատակարարելու Ս. Յակոբ համայնքի պատկանող տիկիններուն։

 

Քոյրերու ժողովը տարուան ընթացքին զանազան ձեռնարկներ, ուխտագնացութիւններ եւ պտոյտներ կը կազմակերպէ։ Նաեւ ան նիւթապէս կ՚օժանդակէ կարօտեալ հայ ընտանիքներու։