Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ դպրաց դասի կազմուած է 11 Մարտ 1959-ին: Այն օրերուն, համայնքին հոգեւոր տան պատասխանատու վերին կազմը՝ »Գործադիր Մարմին«ը, իր ժողովին հրաւիրած էր Գրիգոր Աւ. Սրկ. Փափազեանը, եւ խնդրած որ ան դպրաց դասը կազմէր: Փափազեան Աւ. Սարկաւագի ջանքով կազմուած էր դպրաց դասը: Դպրապետութիւնը ստանձնած էր Գրիգոր Աւ. Սրկ. Հիսարլեան: Հիսարլեան Աւ. Սարկաւագին իբրեւ դպրապետ պիտի յաջորդէին Արթօ Աւ. Սրկ. Նշանեան, եւ Յակոբ Աւ. Սրկ. Գասպարեան: Իրերայաջորդ դպրապետներուն մեծ աջակցութիւն ունեցած է Գրիգոր Աւ. Սարկաւագ Նուպարեան, իսկ Գասպարեան Աւ. Սարկաւագի դպրապետութեան տարիներէն, եւ ապա՝ խմբավարական դրութեան հաստատումէն ասդին՝ Նուպարեան Աւ. Սարկաւագին հետ կը սատարէ Կարօ Աւ. Սրկ. Թէլֆէեան:
Խմբավարական պաշտօնով ծառայած են տիկնայք Յասմիկ Գաւասեան, Յասմիկ Ինճէճիկեան: Այժմ խմբավարն է տիկ. Յասմիկ Գասպարեան:
Դպրաց դասին երգեհոնահարութեամբ ընկերակցած են տիկնայք՝ Անահիտ Մարգարեան, Սիրվարդ Նշանեան: Ապա՝ պրն. Սամ Քէօշկէրեան եւ տիկ. Մարիէթ Նիլեան: Այժմ երգեհոնահարն է պրն. Խաչատուր Ղազարեան:
Դպրաց դասը ամէն Երկուշաբթի երեկոյ փորձ կը կատարէ: