ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԵԱՆ 2 ԽՄԲԱԿՆԵՐ

«ՆՈՐԱՎԱՆՔ» խմբակ

16-25 տարեկան երիտասարդ/ուհիներու համար

Վարիչ՝ Կարօ Սրկ. Նոխուտեան

 

«ՆԱՐԵԿ» խմբակ

26-40 տարեկան երիտասարդ/ուհիներու եւ զոյգերու համար

Վարիչ՝ Կարօ Սրկ. Նոխուտեան

 

Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ երիտասարդներու յատուկ Աստուածաշունչի սերտողութեան պահերը սկսած են 2004 թուին։ Տարիներու ընթացքին, Աստուածաշունչը սերտող խմբակի գործունէութեան մաս կազմած են հարիւր թիւի հասնող երիտասարդ երիտասարդուհիներ։

 

Երիտասարդներու յատուկ այս հանդիպման պահերը միշտ ալ տեղի ունեցած են եկեղեցւոյս հոգաբարձութեան ժողովասրահէն ներս։ Հոն ցարդ սերտուած են Ղուկասի աւետարանը, Առաքեալներու գործերը գիրքը, ապա կարճ դադարէ մը ետք պահերը վերսկսած են Յովհաննէսի աւետարանի սերտողութեամբ, երկշաբաթական դրութեամբ Կիրակի առաւօտները ժամը 10.30-11.30՝ առաջնորդութեամբ այն ատենուայ Թեմիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի վարիչ՝ Հոգշ. Հայր Գեղարդ Վրդ. Գիւսպէկեանին։ Այժմ կը սերտուի Իմաստութիւն Սողոմոնի գիրքը։ Այս վերջինիս պարագային, որպէս ուղեցոյց կը գործածուի Ներսէս Լամբրոնացիի «Մեկնութիւն Իմաստութիւն Սողոմոնի» գիրքը, որ աշխարհաբարի թարգմանած է Գերշ. Տ. Անուշաւան Ս. Եպս. Դանիէլեան։  

 

Շրջան մը՝ սերտողութիւնները տեղի ունեցած են Ուրբաթ երեկոները, շրջան մը շաբաթ երեկոները եւ վերջապէս կարճ դադարէ մը ետք Կիրակի առաւօտները։ Առաջին սերտողութիւնը ներկայացուցած է Բրշ. Թորոս Սրկ. Պապիկեան, որմէ ետք Բրշ. Կարօ Սրկ. Նոխուտեան ստանձնած է սերտողութիւններու ներկայացումը եւ ընդհանրապէս պատասխանատուութիւնը։ Անշուշտ սերտողութեանց ներկայացման իր մասնակցութիւնը բերած է եւ միշտ մօտէն հետեւած է անոնց՝ եկեղեւցոյս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գառնիկ Աւ. Քհյն. Գոյունեանը։ Սերտողութիւններու ներկայացման իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ՝ Պէյրութէն քանի մը ամսուայ համար Մոնթրէալ մնացող Տիար Տիգրան Այնթապլեանը։ Կարճ դադարէն ետք, երբ սերտողութիւնները սկսած են տեղի ունենալ երկշաբաթական դրութեամբ Կիրակի առաւօտները, ծրագրին Սքայփով հերթաբար միացած են Գամպրիճէն, Թորոնթոյէն, Վանգուվըրէն, Նիւ Եորքէն եւ Լիբանանէն՝ Հոգշ. Տ. Գեղարդ Վրդ. Գիւսպէկեան, Հոգշ. Տ. Հրանդ Վրդ. Թահանեան, հոգեբոյժ Բրշ. Վահան Սրկ. Գույումճեան եւ Տիար Տիգրան Այնթապլեան։

 

Շրջան մը եղած է երբ սերտողութիւններէն ետք կազմակերպուած են այժմէական թեմաներու մասին բանավէճեր, զորս ստանձնած են սերտողութեան մասնակիցները։ Թեմաներէն կարելի է յիշել մի քանին. վիժում, հեշտամահ euthanasia, դիահրկիզում, եւայլն։ Նաեւ կազմակերպուած է տօնական օրերու մտերմիկ խրախճանքներ, պտոյտներ եւ հոգեւոր թեմայով ֆիլմերու ցուցադրութիւն։

 

Այժմ այս խմբակը, որ ներշնչուելով Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագիրքի ժողովրդային անունէն կը կոչուի «ՆԱՐԵԿ» խմբակ, ունի իր յատուկ յանձնախումբը յանձինս Տիկ. Մարիամ Խաչատուրեան-Պոյաճեանի եւ Օրդ.ներ Նինա Արապեանի ու Քրիսթին Ամիրեանի։ Այս յանձնախումբը, խմբակիս գործունէութեան ծիրէն ներս, եղանակի հանդիպումները կը ծրագրէ ու կը բարեփոխէ, կը մասնակցի թեմաներու եւ աւանդութիւններու ներկայացման, կը կազմակերպէ լսարաններ ու ֆիլմերու ցուցադրութիւններ։

 

2016 տարուան աւարտին, առաջարկուեցաւ 16-25 տարիքի երիտասարդ-երիտասարդուհիներու համար սերտողութեան նոր պահեր սկսիլ։ Անմիջապէս որ կորիզի մը ներկայութեան տրամադրութիւնը ստուգուեցաւ, ձեռնարկը մեկնարկուեցաւ 2017-ին։

 

Կիրակի առաւօտները ժամը 9.45-10.45, երկշաբաթական դրութեամբ, 16-25 տարիքի երիտասարդ/ուհիներ կը մասնակցին սերտողութիւններուն, եւ ապա ընդհանրապէս կը մեկնին Կիրակնօրեայ դպրոց կամ կը բարձրանան եկեղեցւոյս վերնատուն՝ իրենց շնորհքներով շէնցնելու համար մեր եկեղեցին։ Այս խմբակը, որ ներշնչուելով Հայաստանի «Նորավանք» վանք-ուսումնարանէն՝ անուանուած է «ՆՈՐԱՎԱՆՔ», ունի իր յանձնախումբը կազմուած 2 երիտասարդներէ՝ Բրշ. Կորիւն Սրկ. Գոյունեանէ եւ Տիար Արէն Պապիկեանէ։

 

Այժմ կը սերտուի Մատթէոսի աւետարանը հետեւողութեամբ Տէր Գառնիկի խմբագրած Հոգելոյս Զարեհ Սրբազան Արք. Ազնաւորեանի «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին» գործին։ Ցարդ այս սերտողութիւններու ներկայացման մաս կազմած են Հոգշ. Հայր Գեղարդ Վրդ. Գիւսպէկեան՝ Սքայփով, Հոգշ. Հայր Վարդան Վրդ. Թաշճեան, Բրշ. Թորոս Սրկ. Պապիկեան եւ Բրշ. Կարօ Սրկ. Նոխուտեան։

 

Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի գրել eglise@sourphagop.net -ին, կամ 

հեռաձայնել 514 331 5445 x202 

որպէսզի անոնց անունն ու տուեալները անցնին մեր ե-հասցէներու ցանկին եւ տեղեկութիւնները յղուին պատշաճ ժամանակին։