ՅԻՍՆԱՄԵԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

 

 

1.- 19-րդ դարու վերջաւորութենէն մինչեւ 1950-ական թուականները՝ Մոնթրէալի հայութեան թիւը շատ փոքր եղած է։ 1950-ական տարիներէն սկսեալ՝ գաղթի յաջորդական ալիքներ, որոնք կու գային Յունաստանէն, Թուրքիայէն, Ֆրանսայէն, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն, Պաղեստինէն, Լիբանանէն, Իրանէն, Իրաքէն եւ Հայաստանէն, արագօրէն պիտի բազմացնէին Քէպէքի հայութեան թիւը, որ ներկայիս շուրջ 30,000 է։

2.- Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ առաջին ժողովը գումարուած է 18 Յուլիս 1958-ին։ Յառաջացուած է Գործադիր Մարմին մը, որ շուտով Սէն Զօթիք փողոցին վրայ նախկին եկեղեցի մը պիտի գտնէր, եւ զայն համայնքին սեփականութիւնը դարձնէր։

3.- Մինչ շէնքին նորոգութիւնը ընթացքի մէջ էր՝ Գործադիր Մարմինը իր եկեղեցական յանձնառութեան քովն ի վեր կը սկսէր Շաբաթօրեայ վարժարանը. զայն կը հիմնէր 1959-ին։

4.-1960։ Առաջնորդական Տեղապահ՝ Հրանդ եպս. Խաչատուրեան կ՚օծէ եկեղեցին եւ Ս. ՅԱԿՈԲ կ՚անուանէ։ Մինչ այդ եկեղեցւոյ անունն էր՝ «Մոնթրէալի Անդրանիկ Հայց. Առաքելական Եկեղեցի»։

5.- Եկեղեցւոյ Գործադիր Մարմինը 1961-ին կը կոչուի «ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ Ս. ՅԱԿՈԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ»։

6.- Արդէն եկեղեցւոյ շէնքը նեղ կու գար։ 1963-ին Հոգաբարձութեան ժողովի մը կ՚առաջարկուի եկեղեցւոյ շէնքը մեծցնել կամ նոր շէնք մը փոխադրուիլ։

7.- Խորէն Ա. Կաթողիկոս 1969-ին կը կատարէ Ս. Յակոբի նորակերտելի եկեղեցւոյ հիմնաքարերուն օծումը։

8.- Շինութեան աշխատանքները պիտի աւարտէին 1973-ին։ Իսկ նախկին եկեղեցւոյ շէնքը պիտի վաճառուէր նոյն տարուան վերջաւորութեան։

9.- 1971-ին կը սկսի «Ամառնային Արարատ Ճամբարը»։

10.- Հակառակ ցանկութիւններուն, 1973-ին նախատեսուած եկեղեցւոյ օծումը պիտի յետաձգուէր զանազան պատճառներով։

11.- 1973-74 տարեշրջանը սկիզբն է Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ՀՕՄի Ծաղկոցին։

12.- 1974-75 տարեշրջանին կը սկսի Ս. Յակոբ ամենօրեայ վարժարանի նախակրթարանը։ 1983-ին է, որ կը բացուի անոր երկրորդական բաժնի 7-րդ կարգը։ Մինչեւ 1988-89 տարեշրջան՝ երկրորդականի կարգերը կ՚ամբողջանան։ Յետ թափառական ժամանակի մը, Ս. Յակոբի ամենօրեան 1987-88 տարեշրջանէն սկսեալ կը հաստատուի իր ներկայ շէնքին մէջ (3400 Նատոն, Մոնթրէալ)։ 1993-ին անոր նախակրթարանը կը կոչուի բարերար տ. եւ տիկ. Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեանի անունով։

13.-1978։ Եկեղեցին կ՚օծուէր ձեռամբք Առաջնորդ սրբազանին՝ Մեսրոպ եպս. Աշճեանի եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին վերատեսուչ՝ Արտաւազդ արք. Թրթռեանի։

14.- Հայ Կեդրոնի լրացուցիչ աշխատանքները կը կատարուին 1979-ին։

15.- 1980-ը սկիզբն է Ս. Յակոբի Կիրակնօրեայ դպրոցին։

16.- 1985-ին կը խօսուի համայնքի կրթական հաստատութիւններուն եւ յատկապէս ամենօրեային համար Ս. Յակոբ հիմնադրամի հաստատման մասին։ 1987-ին է, որ հիմնադրամը կը կոչուի Ս. Յակոբի անունով։ 1989-90 տարեշրջանը սկիզբն է գոյացած գումարի շահարկումին։
Մինչեւ Ս. Յակոբ վարժարանի վարձուած շէնքի գնումը, այսինքն՝ 2002 թուական, Հիմնադրամին գումարը պիտի բարձրացած ըլլար զգալի արժէքի. եւ անկէ բաժին մը պիտի օգտագործուէր։
Հիմնադրամի հաստատման այս ընթացքին մէջ կու գար աւելնալու Ազգային բարերարներ տ. եւ տիկ. Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան ֆոնտը։

17.- 1988-ին 6.9 ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ մը կը հարուածէ Հայաստանի հիւսիսային շրջաններէն՝ Կիրովական (նախկին Ղարաքիլիսէն), Լենինական(նախկին Ալեքսանդրապոլը, Գիւմրին կամ Կումարին), Սպիտակ (նախկին Համամլուն) քաղաքները։ Կիրովականը կը քանդուի 50 տոկոսով, Լենինականը 75 տոկոսով, իսկ Սպիտակը՝ ամբողջապէս։ Հայութիւնը կը սգայ իր բիւրաւոր զոհերը։

18.- 1988-ին կը պոռթկայ Արցախեան շարժումը։ Եւ աշխարհի տարածքին «մէկ մարդու պէս» ոտքի կ՚ելլէ հայութիւնը։

19.-1991։ Լեռնային Ղարաբաղը ինքզինք անկախ հանրապետութիւն կը հռչակէ։ Շուտով Հայաստանի Հանրապետութիւնն ալ անկախութիւն կը հռչակէ։

20.- 1994-ին, Առաջնորդ Մեսրոպ արք. Աշճեան եւ Ազգային Վարչութիւնը Ս. Յակոբը «Մայր Եկեղեցի» կը կոչեն։

21.- 1993-ին Լաւալաբնակ ժողովուրդէն դիմում կը տարուի առաջնորդին եւ Ազգային Վարչութեան, որ Լաւալի շրջանը ծխական վիճակ ունենայ։ 1994-ին կը յայտարարուի Լաւալի Ս. Գէորգի համայնքին սկզբնաւորումը։

22.- 1995-ին Մոնթրէալի Գարթիէվիլ հայաշատ շրջանին մէջ գտնուող Մարսէլին Ուիլսըն զբօսայգիին մէջ տեղի կ՚ունենայ Ցեղասպանութեանց յուշարձանին հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Հարկ պիտի ըլլար մեծ ճիգ տանիլ՝ որպէսզի յուշարձանը կանգնէր 1998-ին։
Յուշարձանը կը կրէ «Հատուցում» անունը եւ նուիրուած է 20-րդ դարու բոլոր ցեղասպանութիւններուն։

23.- 2002-ին Ս. Յակոբի կրթական շէնքը սեփական կը դառնայ։ Այս յաջողութեան մէջ իր մեծ ներդրումը կ՚ունենայ բարերար Յակոբ Բաստրմաճեան՝ իշխանական նուիրատուութեամբ։ Եւ ի յարգանս բարերարին եւ իր եղբայրներուն՝ Հրանդի եւ Երուանդի՝ Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը վարժարանի երկրորդական բաժինը կ՚անուանակոչեն «Բաստրմաճեան» երկրորդական։

24.- 2002։ Գանատան կը դառնայ անկախ թեմ։ Այս անկախացումը Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն՝ ներքին վերադասաւորում մըն էր, այսինքն 1958-էն գործօն Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի թեմը՝ տեղական եւ գործնական մտահոգութիւններով վարչականօրէն երկուքի կը վերածուէր։ Գանատայի Երեսփոխանական Ժողովը կ՚ընտրէ իր առաջին Առաջնորդը, որ Խաժակ արք. Յակոբեանն է։

25.- Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցին 2004-ին «Առաջնորդանիստ» կը հռչակուի։

26.- Ս. Յակոբի համալիրին կից՝ 2004-ին կը կատարուի Առաջնորդարանին յատկացուած հողաշերտին օրհնութիւնը։ Եւ արագօրէն կը բարձրանայ Ազգային Առաջնորդարանի շէնքը։

27.- 2004-ին Գանատայի Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ճանչնայ եւ զայն կը համարէ «Մարդկութեան դէմ ոճիր»։ Որմէ ետք կարեւորագոյն աքթ մը կ՚ըլլայ 2006-ին Գանատայի Կառավարութեան վարչապետ՝ Սթիվըն Հարփըրի յայտարարութիւնը, որ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

28.- «Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան Մանկամսուր»ը կը սկսի գործել 2007-ի։

29.- Արամ Ա. Կաթողիկոս Ս. Յակոբի 50-ամեակին առիթով իր գրած Օրհնութեան Գիրին մէջ ըսած է. «յիսուն տարիներու պատմութիւնը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ՝ կարելի է արդարօրէն բնորոշել որպէս առաքելութիւն։ Նուիրական առաքելութիւն մը, որուն իրագործման մասնակից դարձան հոգեւոր թէ աշխարհական մշակներ, ազգային կառոյցներ ու մարմիններ, ինչպէս նաեւ բարերարներ։ Եկեղեցաշէն ու ազգակերտ առաքելութիւն մը, որուն բարիքներով հարստացաւ կեանքը մեր ժողովուրդին։ Գանատայի հայութեան կեանքին մէջ եզակի դերակատարութիւն ունեցած Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցին յիսուն տարիներու փորձառութեամբ լեցուն, այսօր կը շարունակէ, վերանորոգ նուիրումով ու տեսիլքով, իր հոգեւոր առաքելութիւնը եւ ժողովրդանուէր ծառայութիւնը»։