1. Հայ Եկեղեցւոյ շատ հին աւանդութեան համաձայն, Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութեան առաջին տարածիչները եղան Յիսուսի աշակերտներէն Թադէոսը (Նոր Կտակարանին մէջ յիշուած՝ իբրեւ Յակոբոսի որդի Յուդա) եւ Բարթողիմէոսը (Նոր Կտակարանին մէջ յիշուած՝ իբրեւ Նաթանայէլ)։ Անոնց առաքելութիւնը կատարուեցաւ Ա. դարու կէսին շուրջ։ Հայ Եկեղեցին զանոնք կը կոչէ «Առաջին Լուսաւորիչներ»։
2. 301 թուականին, Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութիւնը հռչակուեցաւ իբրեւ Հայոց Թագաւորութեան Կրօնք։ Այն հռչակումին գլխաւոր դէմքերը եղան Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Տրդատ Գ. Թագաւոր։
3. 404/5 Մեսրոպ Մաշտոց հնարեց 36 տառերէ բաղկացող այբուբենը՝ Ա-Ք։ Յետագային է, որ աւելցան Օ եւ Ֆ տառերը։
Տառերուն հնարումէն ետք, Մեսրոպ Մաշտոց եւ օրուան Հայ Եկեղեցւոյ գլուխը՝ Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոս դպրոցներ բացին, ուսումը սիրող սերունդ պատրաստեցին, անկէ քանի մը խումբ Հայաստանէն դուրս ուսման կարեւոր կեդրոններ ղրկեցին եւ թարգմանական ու գրական մեծ գործ մը սկսան։
Այբուբենի հնարման առաջնահերթ նպատակը Աստուածաշունչի թարգմանութիւնն էր, զորս քանչելիօրէն յաջողցուցին։
4. 451-ին տեղի ունեցաւ եկեղեցական մեծ ժողով մը, որուն անունն է Քաղկեդոնի Ժողով։ Ժողովին նիւթը Քրիստոսի անձին կը վերաբերէր։ Հայ ժողովուրդը այն ատեն իր հաւատքը պաշտպանելու համար պարսիկներու դէմ պատերազմի մէջ էր («Վարդանանց պատերազմ» անունով ծանօթ) եւ առիթ չունէր Քաղկեդոնի ժողովով զբաղելու։
Հայ Եկեղեցին զայն պաշտօնապէս քննեց 6-րդ դարուն սկիզբը եւ մերժեց զայն։
Քաղկեդոնի Ժողովը Քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ առաջին հսկայ ճեղքը յառաջացուց։
Հայ Եկեղեցին միայն երեք մեծ ժողովներ կ՚ընդունի.
Ա) Նիկիոյ Ժողովը (325), որ Քրիստոսի աստուածութիւնը յայտարարեց։
Բ) Կ. Պոլսոյ Ժողովը (381), որ Ս. Հոգիին գոյութիւնը խոստովանեցաւ։
Գ) Եփեսոսի Ժողովը (431), որ յայտարարեց թէՔրիստոս Աստուծոյ Որդին է, որ եկաւ, մարմնացաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ իր աստուածութեամբ եւ մարդկութեամբ. ան բաժնուած չէր ինքն իր մէջ՝ անջատ Աստուած եւ անջատ մարդ չէր, այլ անոնք միացած էին. Քրիստոս ինք իր մէջ անջատուած չէր, բաժնուած չէր, այլ մէկ էր։
5. 626-ին Երուսաղէմի Հայ Պատրիարքութիւնը ստեղծուեցաւ։
6. Հայաստանի ներքին քաղաքականան կայունութիւնը եւ օտար ուժերու արշաւանքները Հայ Եկեղեցւոյ կեդրոնը տարբեր տեղեր տարին։
11-րդ դարու կէսին Հայ Եկեղեցւոյ կեդրոնը տեղափոխուեցաւ պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ միջեւ վայր մը։ 13-րդ դարուն Հայ Եկեղեցւոյ կեդրոնը դարձաւ Կիլիկիոյ մէջ Հայոց Թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսը։
7. 1441-ին Ս. Էջմիածնի մէջ ժողով մը գումարուեցաւ եւ այն թուականէն Հայոց Կաթողիկոսութիւն մըն ալ այնտեղ սկսաւ, որ պիտի կոչուէր «Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւն»։
8. 1461-ին սկսաւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը։
9. 19-րդ դարուն Օսմանեան սուլթանը պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայ Կաթոլիկ եւ Հայ Բողոքական համայնքները։
10. 1915-ին իր ժողովուրդին հետ Հայ Եկեղեցին ալ կոտորուեցաւ։
11. Եղեռնէն ետք Հայ Եկեղեցւոյ Կիլիկիոյ կեդրոնը, որ 1441-էն յետոյ չդադրեցաւ ահաւոր կացութիւններու մէջ գոյատեւելէ եւ գործելէ, աքսորական՝ 1930-ին տեղափոխուեցաւ Անթիլիաս, Լիբանան։
12. 1991-ին Հայաստանը վերանկախացաւ 70 տարեկան Համայնավար կարգի կործանումէն ետք, եւ Ս. Էջմիածնի Հայոց Կաթողիկոսութիւնը նոր եւ բարդ պատասխանատուութիւններու առջեւ կանգնեցաւ։