1) Հաւատամքը քրիստոնէական կրօնքի հաւատալիքներուն բանաձեւն է, եւ կամ առաջին Քրիստոնէականն է, որուն մէջ բանաձեւուած են Քրիստոնէութեան հաւատալիքները։
2) Ըստ աւանդութեան, առաջին Հաւատամքը բանաձեւած են առաքեալներ. այս է պատճառը որ Առաքելական Հաւատամք կը կոչուի անիկա։ Իսկ այն Հաւատամքը, որ այժմ կայ մեր եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական հին եկեղեցիներու մէջ, բանաձեւուած է 325-ին, Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Ժողովի ընթացքին։
3) Շատ մեծ է Հաւատամքին կարեւորութիւնը. որովհետեւ ընդհանրապէս Նոր Կտակարանին եւ մասնաւորապէս Աւետարանին մէջ կան ա՛յնպիսի պատմութիւններ եւ արտայայտութիւններ, զոր օրինակ՝ Աստուծոյ մասին, Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան եւ գործունէութեան մասին, Հոգին Սուրբի, յաւիտենական կեանքի եւ ա՛յլ խնդիրներու մասին, որոնց հարազատ եւ հաւատարիմ հասկացողութեան համար պաշտօնական հեղինակաւոր մեկնութիւն մը անհրաժեշտ էր, առաջքը առնելու համար՝ այս կամ այն խնդրին շուրջ անհամաձայնութիւններուն։
4) Հաւատամքին կարեւորութեան մէջն է իր արժէքն ալ։ Որովհետեւ Առաքեալներ, Եկեղեցւոյ նախկին Հայրեր (Վարդապետք Եկեղեցւոյ) քրիստոնէութեան ծագման եւ տարածման ժամանակակից են, հետեւաբար ծանօթ են այն գաղափարներուն եւ կարծիքներուն, որոնք կը տիրէին այդ դարերուն մէջ, Հաւատամքի հիմնական կէտերուն շուրջ։ Հետեւաբար ուղիղ եւ հեղինակաւոր մեկնութիւն մը, պաշտօնական բանաձեւով, պիտի ծառայէր վերացնելու շփոթութիւններն ու տարակարծութիւնները։
Քրիստոնէական եկեղեցիներու միութեան հիմ կը կազմէ Հաւատամքը, որովհետեւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը դաւանի եւ կը յայտարարէ զայն իր եկեղեցւոյ մէջ։
5) Ինչպէս նաեւ միեւնոյն եկեղեցւոյ անդամներուն մէջ քրիստոնէական հաւատքի համաձայնութեան եւ ներդաշնակութեան հիմն է Հաւատամքը։
6) Ուրեմն, Եկեղեցւոյ անդամներուն համար անհրաժեշտ պայման մըն է գիտնալ եւ ընդունիլ Հաւատամքը. բայց, դժբախտաբար, ոմանք պէտք եղած ուշադրութիւնը չեն ընծայեր անոր կարեւորութեան, եւ իրենց Մայրենի Եկեղեցւոյն մէջ մնալով հանդերձ, կը շեղին անոր հարազատ հասկացողութենէն։
7) Հաւատամքը կը բովանդակէ տասը կէտեր.
1. Աստուած. Կը հաւատանք մէկ Աստուծոյ.այսինքն՝ Աստուած մէկ է, ուրիշ աստուածներ չկան. Ան Հայրն է ամենակալ (ամէն բանի տէր, ամէն բան իր ձեռքին մէջ ունեցող), որ ստեղծեց երկիրը եւ երկինքը, տեսանելի եւ անտեսանելի բոլոր բաները։
2. Որդի. Կը հաւատանք մէկ Որդիի, որ ծնած է նոյնինքն Հօր Աստուծոյ էութենէն։ Որդին ալ ճշմարիտ Աստուած է, լոյս է, որովհետեւ Աստուծմէ ծնած է եւ ոչ թէ ստեղծուած։
Որդին Աստուած մարդոց փրկութեան համար իջաւ երկինքէն եւ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ ծնաւ Սուրբ Կոյս Մարիամէ, եւ եղաւ կատարեալ մարդ, ճիշդ մեզի պէս (միայն թէ զերծ մնաց մեղքէ), եւ չարչարուեցաւ, խաչուեցաւ, մեռաւ, թաղուեցաւ եւ երրորդ օրը յարութիւն առաւ, նոյն մարմնով երկինք ելաւ եւ նստաւ Հօր աջ կողմը։ Միեւնոյն մարմնով ալ պիտի գայ՝ դատելու համար ողջերն ու մեռածները, պիտի թագաւորէ եւ անոր թագաւորութիւնը վերջ (վախճան) պիտի չունենայ։
3. Հոգի. Կը հաւատանք մէկ Սուրբ Հոգիի, որ անեղ է (ստեղծուած կամ եղած չէ) եւ կատարեալ։ Այս Հոգին է որ խօսեցաւ Օրէնքի եւ Մարգարէներու (Հին Կտակարանի) միջոցաւ, Յորդանան իջաւ (Յիսուս Քրիստոսի Մկրտութեան ատեն), քարոզեց առաքեալներուն միջոցաւ եւ բնակեցաւ սուրբերուն մէջ։
4. Եկեղեցի. Կը հաւատանք մէկ Եկեղեցիի (այսինքն Քրիստոնէական Եկեղեցին մէկ է), որ Ընդհանուր է, Առաքելական է եւ՝ Սուրբ։
5. Մկրտութիւն. Կը հաւատանք մէկ մկրտութեան (այսինքն անձ մը մէկ անգամ կը մկրտուի)։
6. Մեղք
7. Մեռելներու յարութիւն
8 .Յաւիտենական (կամ վերջին) դատաստան
9. Երկնքի թագաւորութիւն
10. Յաւիտենական կեանք (կամ հոգիի անմահութիւն)
8) Պատարագի ընթացքին, Ճաշու գրքի եւ Աւետարանի ընթերցումէն անմիջապէս ետք, բոլոր ներկաները կ՛արտասանեն Հաւատամքը պատշաճօրէն, ձեռնամած եւ բարձրաձայն։
*Այս բացատրութիւնը, խմբագրուած կայքէջին կողմէ՝ առնուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Բաբգէն Կիւլէսէրեանի“Քրիստոնէական” գրքի Դ. տպագրութենէն, 1971, Անթիլիաս։