ՆՊԱՏԱԿ
Հսկել հետեւեալ հաստատութիւններուն գործառնութեանց.
-Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի,
-Սուրբ Յակոբ ամենօրեայ վարժարաններ՝ «Վ. եւ Ա. Սարաֆեան Նախակրթարան» եւ «Բաստրմաճեան Երկրորդական» Վարժարան
-Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ-ի) Ծաղկոց,
-«Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» Մանկամսուր
-Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ «Դրօ եւ Աննա Փիլիկեան» Շաբաթօրեայ վարժարան,
-«Արարատ» Ամառնային Ճամբար,
-Ս. Յակոբ Կիրակնօրեայ դպրոց,
-Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի համալիր,
- Հայ Կեդրոնի «Արթօ եւ Ալիս Մարգարեան» Ճաշասրահ։
ՊԱՏՄԱԿԱՆ
Անդրանիկ կազմը ընտրուած է 1958-ին՝ 9 անդամներով. Այն ատեն, Սուրբ Յակոբ Եկեղեցին կը գտնուէր Սէն Զոթիք փողոցին վրայ։ 1968-էն ի վեր կազմը կը բաղկանայ 11 հոգաբարձուներէ։
1973-ին եկեղեցին եւ Հայ կեդրոնը փոխադրուեցան Օլիվար Ասըլէն փողոցի նորակառոյց շէնքը։
Յաջորդող տարիներու ընթացքին լրացուցիչ շինութիւնները շարունակուեցան ու համալիրէն ներս տեղ գտան ՀՕՄ-ի Ծաղկոցը, ՀՄԸՄ-Կամք մարզասրահը, Համազգայինի գրադարանը, «Աւետիս Ահարոնեան» սրահը, համալիրին մէջ գործող մարմիններու գրասենեակներ եւ վերջապէս՝ Ճաշասրահը։
1987-ին Ս. Յակոբ ամենօրեայ վարժարանը փոխադրուեցաւ Հայ Կեդրոնի համալիրին կից, ընդարձակ եւ նպատակայարմար շէնքի մը մէջ։
Յունիս 2003 թուականէն ի վեր, շնորհիւ բարերարներու եւ ազգայիններու սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն եւ հոգաբարձութեան իրերայաջորդ կազմերու յարատեւ ճիգին՝ վարժարանին այն ատենուայ վարձու շէնքը դարձաւ ազգային սեփականութիւն։
Սեպտեմբեր 2004-ին Համալիրի հողին վրայ կառուցուած Գանատայի Հայոց Առաջնորդարանի շէնքին բացումը կատարուեցաւ։
ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ
Հոգաբարձութիւնը կը գումարէ շաբաթական ժողովներ մօտէն հետեւելու համար իր հաստատութիւններու առօրեայ գործունէութեանց։
Հոգաբարձութիւնը կը նշանակէ յատուկ յանձնախումբեր՝ ծրագրելու եւ ընթացքի մէջ դնելու համար իր պատասխանատուութեան տակ գտնուող գործառնութիւններն ու միաւորներուն գործունէութիւնը։ Յիշենք գլխաւորները.-
*Կրթական Գործադիր Մարմին,
*Կրթանպաստներու Յանձնախումբ,
*Շինարարական յանձնախումբ,
*Յատուկ յանձնախումբեր տարեկան մեծ ձեռնարկներու համար։
Այժմու վճարովի անձնակազմի ընդհանուր թիւը կ՚անցնի 150-ը։
Սիրայօժար կերպով հոգաբարձութեան կ՚օժանդակեն 200-է աւելի յանձնառու ազգայիններ։
ԵԿԱՄՈՒՏԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
*Ս. Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ եղած նուիրատուութիւններ,
*Անդամավճարներ,
*Խորհրդակատարութիւններու սակեր,
*համալիրին մէջ գործող քոյր կազմակերպութիւններէն,
*կառավարական մարմիններէ,
*բարերարներէն եւ ազգայիններէն,
*Հայկական կազմակերպութիւններու յատկացումներէն,
*հիմնադրամներէ,
*տարեկան շահաբեր ձեռնարկներէ։
Այս եկամուտները չեն հաւասարակշրեր տարեկան ծախսերը։ Նիւթական բացը կը նշանակէ տոկոսի վճարումներ։
Դպրոցի շէնքին գնման համար անհրաժեշտ էր դրամատունէն փոխառութիւն ընել. այս մուրհակը վճարելու համար հոգաբարձութիւնը յատուկ հանգանակութեան մը ձեռնարկած է։ Հայ կեդրոնի համալիրը եւ դպրոցի շէնքը շարունակական նորոգութեան պէտք ունին։
ԱՆԴԱՄԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հոգաբարձու կրնան ընտրուիլ 20 տարիքը ամբողջացուցած եւ նուազագոյնը 2 տարիներէ ի վեր Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ անդամագրուած բոլոր իրաւասու անդամները:
Հոգաբարձուները կ՚ըտրուին եկեղեցւոյ անդամական ընդհանուր ժողովին կողմէ, երկու տարուայ պաշտօնավարութեան համար, եւ վերընտրելի են երկրորդ եւ երրորդ շրջանի համար։
2020-2021 տարեշրջանի հոգաբարձական կազմը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամ ազգայիններէն.
*Պրն. Տէր Պետրոսեան Սարօ՝ ատենապետ
*Տիկ. Պապիկեան Թորիկեան Անի՝ ատենադպիր
*Պրն. Աղազարեան Լէոն՝ գանձապահ
*Պրն. Մարգարեան Արեգ՝ փոխ-ատենապետ
*Տիկ. Յակոբեան Շաքէ՝ խորհրդական
*Տիկ. Էլոյեան Նուշիկ՝ խորհրդական
*Տիկ. Բաբախեան Նայիրի՝ խորհրդական
*Տիկ. Շահինեան Մանկիեան Լիւսի՝ խորհրդական
*Իրւ. Նահապետեան Հրանդ՝ խորհրդական
*Տիկ. Դերձակեան Մարալ՝ Խորհրդական
*Պրն. Պալեան Վարուժ՝ Խորհրդական