ՀԱՄԱՅՆՔ

Ս. Յակոբի համայնքը այսօր կը հաշուէ մօտ 10.000 ծխական անդամ։ Ան մեծամասնութեամբ կը բաղկանայ Մոնթրէալ հաստատուած յունահայերէ, եգիպտահայերէ, սուրիահայերէ, լիբանանահայերէ, պարսկահայերէ ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի եւ հիւսիսային  արուարձաններուն մէջ ծնած ու հասակ նետած Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներէ։

 

Եկեղեցիէն բացի, համայնքս մէկ համալիրի մէջ կը ներառէ իր կրթական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ մարզական, մշակութային, բարեսիրական եւ կուսակցական հետեւեալ կազմակերպութիւնները.

*Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան «Կամք» մասնաճիւղ

*Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղ

*Հայ Օգնութեան Միութեան «Սօսէ» մասնաճիւղ

*Հ.Յ.Դ. «Միհրան Փափազեան» Կոմիտէ

*Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղեր

*Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան «Դրօ» եւ «Գետաշէն» մասնաճիւղեր

*Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Շրջանային Վարչութիւն

*Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւն

*Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութիւն

*Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ