ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԿԱԶՄ Ս. ՅԱԿՈԲ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ

 

+Ներկայացնել Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցին՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Երեսփոխանական Ազգային Ժողովին, որ Թեմի բարձրագոյն օրէնսդիր ժողովն է։

 

ՊԱՏՄԱԿԱՆ

 

- Առաջին կազմը ընտրուած է 1969-ին, երկու երեսփոխաններով։

 

- Ներկայ կազմը կը բաղկանայ 9 երեսփոխաններէ, որ առաւելաւելագոյն թիւն է ծուխի մը համար։

 

ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

 

+ Հետեւիլ Եկեղեցւոյ ընդհանուր գործունէութեան,

+ Զօրաւիգ ըլլալ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան՝ հրատապ հարցերու քննութեանց առթիւ,

+ Մասնակցիլ Թեմի Ազգային Ժողովին ու բերել ներդրում՝ ծուխին ու թեմին առնչուող հարցերու քննութեանց ու որոշումներուն,

+ Զեկուցել Ազգային ժողովի արդիւնքներուն մասին՝ Եկեղեցւոյ անդամական ընդհանուր ժողովին։

 

ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

 

+ Ազգային երեսփոխան կրնայ ընտրուիլ  25 տարիքը ամբողջացուցած Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ նուազագոյնը 3 տարիներու իրաւասու անդամ։

+ Երեսփոխանները կ՚ընտրուին գոց քուէարկութեամբ, անդամական ընդհանուր ժողովին առթիւ, չորս տարուայ համար, եւ վերընտրելի են։

 

2018-2019 տարեշրջանի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ ազգային երեսփոխաններն են հետեւեալ ազգայինները.

 

 

*Պրն. Փալանճեան Արա

*Տիկ. Մանճիկեան Տիրուկ

*Տիկ. Մալխասեան Սեդա

*Պրն. Պոյաճեան Լեւոն

*Պրն. Քէօսէեան Մանուէլ

*Պրն. Տէր Ղազարեան Գրիգոր

*Պրն. Զաքարեան Ժիրայր

*Պրն. Աշգարեան Ռուբէն

*Օրդ. Կէօնճեան Նորա