«ԱՐԱՄ եւ ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ» ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐ

ՆՊԱՏԱԿ

 

+ Նպաստել երեխային ամբողջական զարգացման զանազան վարժութիւններով եւ խաղերով,

+ Զարգացնել երեխային հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուական կարողութիւնները,

+ Մշակել երեխային ինքնավստահութիւնը եւ ընկերային փոխյարաբերութիւնները,

+ Յարգել երեխային անհատական կարողութիւններն ու կարիքները,

+ Օժանդակել երեխային հեզասահ փոխանցման՝ ընտանեկան միջավայրէն դէպի Ծաղկոց,

+ Գոհացնել աշխատող ծնողներու կարիքները։

  

ՊԱՏՄԱԿԱՆ

 

«Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» Մանկամսուրը սեփական հիմնարկ մըն է, որ կ՚իրականանայ բարերար ամոլի իշխանական նուիրատուութեամբ,

+ Մանկամսուրը կը բացուի Հոկտեմբեր 2007-ին, Սուրբ Յակոբ վարժարանի յարկին տակ,

+ Մանկամսուրը կը հետեւի Ընտանիքի Նախարարութեան սահմանած բոլոր օրէնքներուն եւ երեխային հանգստութեան, ապահովութեան եւ առողջութեան առնչուող  բոլոր կանոններուն:

 

 ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

 

Կառավարական արտօնագրի համաձայն, Մանկամսուրը կ՚ընդունի 80 երեխայ՝ հետեւեալ բաժանումներով.

- Նորածինէն մինչեւ 18 ամսու՝  8 երեխայ

- 18 ամիսէն մինչեւ 3 տարեկան՝  72 երեխայ,

+ Մանկամսուրը ունի տնօրէնուհի մը եւ 7 դաստիարակներ: Դաստիարակներուն մեծամասնութիւնը Cegep-ներու (գոլէճներու) մանկավարժական բաժիններէ վկայուած պէտք է ըլլան,

+ Մանկամսուրը երեխաները կ՚ընդունի Երկուշաբթիէն մինչեւ Ուրբաթ օրերը, ժամը 7.30-17.30:

 

ԵԿԱՄՈՒՏԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

 

+ Ծնողներու վճարումներ

+ Նուիրատուութիւններ

 

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել՝

Համացանցային կայքէջ՝ jardindenfantssourphagop.com

Հեռաձայն՝ 514 331 7701

Հեռապատճէն՝ 514 331 8552

Ե-նամակ՝ jardin@jardindenfantssourphagop.com