«ԱՐԱՐԱՏ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐ

ՆՊԱՏԱԿ

 

Տրամադրել հաճելի եւ ապահով միջավայր մը, ուր հայ երեխաներ, ամրան արձակուրդի շրջանին, կարենան զարգացնել իրենց ընկերային, ֆիզիքական եւ մտային կարողութիւնները՝ հայկական ապահով շրջանակի մը մէջ։

 

ՊԱՏՄԱԿԱՆ

 

+ «Արարատ» ճամբարը հիմնուած է 1971-ին, Հ.Օ.Մ-ի Ծաղկոցի եւ Սուրբ Յակոբ ամէնօրեայ վարժարանի հիմնադրութենէն առաջ։

+ Առաջին ամրան ընթացքին իսկ՝ շաբաթական արձանագրուողներուն թիւը եղած է մօտ 90 երեխայ։

 

ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ

 

+ «Արարատ» ճամբարը կը գործէ 7 շաբաթ, Յուլիս-Օգոստոս ամիսներու ընթացքին։

+ Աշակերտութեան տարիքը 5-էն մինչեւ 14 տարեկան է։

+ Արձանագրութիւնները կ՚ըլլան շաբաթական դրութեամբ, եւ միջին ներկայութիւնը կը հասնի մօտ 90 երեխայի։

+ Երեխաները բաժնուած են չորս խումբերու, ըստ տարիքի, եւ կը մասնակցին ճոխ յայտագրի մը՝ իրենց վարիչներու առաջնորդութեամբ։

+ Ընդհանուր գործունէութիւնը եւ երեխաներու հսկողութիւնը կը հոգան տնօրէնուհին, վարիչներ, օգնական վարիչներ եւ քարտուղարուհի մը, ընդամէնը մօտ 20 հոգի։

+ Ճամբարի առօրեայ ծրագրին մաս կը կազմեն գիտական եւ մարզական խաղեր, ձեռարուեստի աշխատանքներ, հայ մշակոյթի տրամադրուած պահեր, ինչպէս նաեւ շաբաթական երկու դաստիարակչական պտոյտներ՝ Մոնթրէալի մէջ կամ մօտակայ տեսարժան վայրեր։

 

ԵԿԱՄՈՒՏԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

 

+ Կառավարական նպաստ,

+ Ս. Յակոբ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւն,

+ Ծնողներու վճարումներ

+ Նուիրատուութիւններ։

 

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել՝

 

Հեռաձայն՝ 514 332 1373 x228

Հեռապատճէն՝ 514 331 8552

Ե-նամակ՝ camp.ararat@campdetesourphagop.com

Կայքէջ՝ campdetesourphagop.com